Բարձրագոյն դատական խորհուրդը այսօր` Յունիս 23-ին, ԲԴԽ նախագահ (լիազօրութիւնները ժամանակաւորապէս կասեցուած են) Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու մասին որոշում կայացուց:
Վարդազարեանի նկատմամբ կարգապահական վարոյթ յարուցելու դիմումը ներկայացուցած էին ԲԴԽ անդամներ Գրիգոր Պեքմեզեանը, Դաւիթ Խաչատուրեանը եւ Լիպարիտ Մելիքճանեանը: Կարգապահական վարոյթ յարուցելու հիմքը լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած հարցազրոյցն է: Վարդազարեանը այդ հարցազրույցին մէջ խօսած է ԲԴԽ նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Ջհանկիրեանի` տարիքային սահմանափակմամբ պայմանաւորուած պաշտօնավարման սահմանադրականութեան հարցի մասին, նշած է, թէ այդպիսով խախտած է դատաւորի չէզոքութեան սկզբունքը:
Կարգապահական վարոյթ յարուցելու առնչութեամբ Վարդազարեանի ներկայացուցիչ, փաստաբան Արամ Օրբելեանը նշած է, որ խորհուրդը կարգապահականի այդ նիստը նշանակելով ցուցաբերած է շտապողականութիւն եւ թոյլ տուած է խախտումներ: Վարդազարեանն ու Օրբելեանը պնդած են, որ կարգապահական վարոյթ յարուցելը քաղաքական դրդապատճառներ ունի: Նպատակը` Վարդազարեանը ԲԴԽ նախագահի պաշտօնէն հեռացնելն է: