Երեւանը կը դիտարկէ ՀԱՊԿ նստաշրջանին ընթացքին ընդունուած փաստաթուղթերուն Հայաստանի միանալու հարցը: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի ԱԳՆ խօսնակ Անի Բադալեանը։
Մինսքի մէջ կայացած է ՀԱՊԿ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումը: Հայկական կողմը գագաթնաժողովին չի մասնակցիր: Քննարկումներու մեկնարկին Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն նշած է՝ քննարկած են իրավիճակը Կովկասի մէջ:
Մինչեւ այդ Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ գագաթնաժողովէն ետք ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը պիտի մեկնի Երեւան՝ ընդունուած որոշումները հայ գործընկերներուն փոխանցելու համար: