image

«Քըլլոն եաանի քըլլոն» կարգախօսը բարեհունչ կը թուի, բայց կրնայ առաջնորդել երկու հակոտնեայ ծայրայեղութիւններու։

«Քըլլոն եաանի քըլլոն» կարգախօսը բարեհունչ կը թուի, բայց կրնայ առաջնորդել երկու հակոտնեայ ծայրայեղութիւններու։
Արա Սանճեան


Լիբանանի բազմահազարանոց հանրահաւաքներուն ժամանակ բազմիցս կրկնուող «Քըլլոն եաանի քըլլոն» («բոլորը» կը նշանակէ բոլորը) կարգախօսը կ’ընդգրկէ՞ նաեւ երկրին մէջ հարիւրամեակէ մը ի վեր գործող հայ երեք կուսակցութիւններուն վերնախաւը․․․ Անոնք ե՞ւս ներառուած են «արրաֆթունա» (մեզ զզուեցուցիք) կոչով թիրախաւորուող քաղաքական գործիչներու շարքին։ Ի վերջոյ, անոնք եւս վերջին երեսնամեակին բազմաթիւ անգամներ նախարարի ու երեսփոխանի աթոռներ զբաղեցուցած են։ Անոնք եւս կ’օգտուին նախկին երեսփոխաններուն տրամադրուող «կլորիկ» թոշակներէն։

Հարցումս հռետորական է ու պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու նպատակ չի հետապնդեր։

Կ’ուզեմ պարզապէս ընթերցողին ուշադրութիւնը հրաւիրել հետեւեալ առեղծուածին վրայ։ Եթէ այո, այսինքն՝ եթէ անոնք ալ պէտք է չքանան մեր կեանքէն, ապա ո՞վ եւ ի՞նչ կառոյց պիտի գայ փոխարինելու զիրենք։ Այս մասին մտածուա՞ծ է ու պատրաստի կառոյցներ ու ծրագիրներ կա՞ն։ Եթէ ոչ, ապա՝ ինչո՞ւ ոչ։ Ի՞նչ է որակական տարբերութիւնը (ի տարբերութիւն քանակական տարբերութեան) այդ ղեկավարութեան ու հայ զանգուածին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապին ու միւս համայնքային ղեկավարներուն եւ անոնց համապատասխան համայնքներուն միջեւ եղած կապերուն միջեւ։ Բոլորն ալ նոյն modus operandi-ին չե՞ն հետեւած։

«Քըլլոն եաանի քըլլոն» կարգախօսը բարեհունչ կը թուի, բայց կրնայ առաջնորդել երկու հակոտնեայ ծայրայեղութիւններու։ Կա՛մ այդ խաւէն դուրս ոյժ մը կ'իւրացնէ իշխանութիւնը, կը դիմէ համատարած բանտարկութիւններու ու գնդակահարութիւններու իշխողին կողմէ սահմանուած ամբողջ «դասակարգի» մը դէմ՝ թացն այրելով ջորին հետ։ Կա՛մ ալ բոլորը կը խուսափին պատասխանատուութենէ՝ քանի որ ընդհանուրէն դէպի մասնաւորը երբեք քայլ չ'առնուիր։

Ցուցարարներուն մէջ չեմ ու դէպքերուն կը հետեւիմ լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններով՝ առանց վայրկեան մըն իսկ մոռնալու թէ այդ կայանները միլիոն թելերով կապուած են այն վերնախաւին, որուն դէմ են հանրահաւաքները ու այդ լսատեսողական միջոցները կրնան շատ բան սքօղել ամբողջական պատկերէն։

Երեք-չորս օր ետք, տակաւին չեմ գիտեր եթէ ցուցարարները յստակ ծրագիր մը (կամ չսիրած մէկ դարձուածքս՝ ճանապարհային քարտէս մը) ունին թէ ինչպէ՛ս քայլ առ քայլ պիտի իրականան իրենց պահանջները՝ գործող սահմանադրութիւնը յարգելո՞վ, թէ՞ ինչ որ արտասահմանադրական մարմինի մը կողմէ զանիկա առկախելով։ Եթէ հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահը, վարչապետն ու կառավարութիւնը բոլորն ալ ընդառաջեն ցուցարարներու պահանջներուն ու միաժամանակ հրաժարական տան, ի՞նչ պիտի ըլլայ երկրին մէջ նոր օրինականութիւն հաստատելու յաջորդ անհրաժեշտ քայլը։ Կա՞ն սկզբունքներ, որոնց շուրջ համախոհութիւն կայ՝ զանոնք ապագայ Լիբանանի սահմանադրութեան հիմքը դարձնելու համար։

Լիբանանի հարիւրամեայ պատմութեան մէջ եղած են մի քանի այլ դէպքեր երբ պայմաններու բերումով նմանօրինակ, հազուագիւտ համախոհութիւն գոյացած է։ Այդ ժամանակ ալ, մարդիկ այդ միասնութիւնը խնկարկած ու տօնած են իբրեւ անցեալի ու ապագայի միջեւ ջրբաժան, բայց․․․։ Երկու-երեք օր է, ցուցարարներն ու հանրահաւաքները մեկնաբանող լրագրողները գինովցած ըլլալ կը թուին, բայց եթէ չսթափին, չլրջանան ու բարեփոխումներու ձգտող գործնական քայլերու չդիմեն, վերջը կրնայ փայլուն չըլլալ․․․։ Արժէ սկսիլ մտածել անմիջական քայլերու եւ ապագայ տեսլականի մասին։