image

Ըստ «Սթրաթֆոր»-ի՝ Արցախի հարցով որեւէ մեծ զիջում Հայաստանի իշխանութեան փլուզման կրնայ առաջնորդել

Ըստ «Սթրաթֆոր»-ի՝ Արցախի հարցով որեւէ մեծ զիջում Հայաստանի իշխանութեան փլուզման կրնայ առաջնորդել

«Փանորամա».- «Արցախի տագնապը փորձութեան ենթարկած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները, որովհետեւ անցեալ տարուան Ապրիլին տեղի ունեցած իրադարձութեանց ընթացքին, Մոսկուա չէզոք դիրք գրաւեց, ինչ որ յուսախաբ ըրաւ Հայաստանը», կը գրէ «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնը՝ դիտարկելով, թէ Ազէրպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան մէջ Ռուսաստան ամրապնդած է գլխաւոր իրաւարարի իր դիրքը:
«Մոսկուա կրնայ օգտագործել Ղարաբաղի գործօնը՝ երկու երկիրներուն մէջ իր ռազմավարական շահերը առաջ մղելու համար: Օրինակ, Ազէրպայճան կը փափաքի փոխել Արցախի տագնապին ներկայ իրավիճակը եւ Ռուսաստանի հետ աշխատելով՝ կը ջանայ բանակցութիւնները վերսկսիլ, այն նպատակով, որ Հայաստան Արցախի յարակից 7 տարածքներէն 5-ը զիջի Ազէրպայճանին: Այս մէկը կրնայ նաեւ Ռուսաստանի շահերուն յարմարիլ, քանի որ անիկա կրնայ մեծցնել Պաքուի վրայ Քրեմլինի ազդեցութիւնը: Բայց, Հայաստանի իշխանութիւնները նման բանակցութեանց կ՚ընդդիմանան:
Եթէ նոյնիսկ Ռուսաստան յաջողի համոզել Հայաստանի վերնախաւը՝ տարածքներու հարցով փոխզիջում կատարելու, Հայաստանի հասարակութիւնը նման գործարք պիտի չընդունի», կը գրէ «Սթրաթֆոր»:
Ըստ նոյն վերլուծական կեդրոնին՝ որեւէ մեծ զիջում Հայաստանի իշխանութիւններուն համար փլուզման վտանգ կը պարունակէ, յատկապէս նախագահական համակարգէն խորհրդարանականի անցման պահուն: «Այդուհանդերձ, այլընտրանքային գործընկերներու բացակայութեան պատճառով, Հայաստան այլ ընտրութիւն չունի եւ պէտք է պահպանէ Ռուսաստանի հետ ռազմավարական դաշինքը: Այնքան ատեն, որ առճակատումը կը շարունակուի, ո՛չ Հայաստան, ո՛չ Ազէրպայճան կրնան հակամարտութեան հարցով լուրջ քայլ մը առնել՝ առանց Ռուսաստանի հետ փոխըմբռնումի», նշուած է «Սթրաթֆոր»ի զեկոյցին մէջ: