Այսօր երբ կը տօնախմբենք Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձը եւ կը վերյիշենք մեր անցած ուղին` իր լաւ ու վատ կողմերով, կը մաղթենք որ պարտութիւններն ու յուսախաբութիւնները մնացած են մեր ետին ու Հայրենիքը բռնած է վերելքի ու զարգացման ճանապարհը: Ներկայիս Հայաստանը կարիքը ունին խաղաղութեան, որպէսի Հայ ժողովուրդի ստեղծագործ միտքը ամբողջութեամբ լծուի իր հայրենիքի բարգաւաճման ու քաղաքացիներու ապագայի իղձերու իրականացման:
Սեպտեմբեր 21, 1991-ին Հայաստանի ժողովուրդը հանրաքուէով հաստատեց անկախ պետականութիւն ունենալու իր ձգտումը ու ծնունդ առաւ երրորդ հանրապետութիւնը,որ կը տարբերէր նախորդներէն, իր խորքային ու առարկայական իմաստներով:
Անցնող 33 տասնամեակներու ընթացքին Հայաստան արձանագրեց յաջողութիւններ ու նուաճումներ, սակայն անոնց կողքին ունեցաւ մեծ յուսախաբութիւններ, որոնցմէ գլխաւոր եղաւ 44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը եւ Արցախի ամբողջական կորուստը:
Անկախութեան առաջին օրերու խանդավառութիւնը արագօրէն փարատեցաւ« երբ չիրականացան կեանքի պայմաններու բարելաւման ու աւելի լաւ ապագայի նկատմամբ ժողովուրդի ակնկալիքները:
Կարճ ժամանակ ետք երկիրը մխրճուեցաւ փտածութեան (կորուպցիա) ճիրաններուն մէջ ու հրապարակ եկաւ օլիկարխներու դասկարագ մը, որ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուց երկրի ամբողջ հարստութիւնը: Տիրող այս տնտեսական անհաւասարութիւնը պատճառ դարձաւ ժողովուրդի մեծ մասի աղքատացման, իսկ արտագաղթը վերածուեցաւ ազգային աղէտի:
Պարտադրուած այս իրավիճակը մերժելով Հայաստանի հասարակութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի կանգնելով` 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիսին թաւշեայ յեղափոխութեամբ տապալեց քսան տարի երկիրը կեղեքած վարչախումբը եւ իր ազատ կամքով ընտրեց իր նոր իշխանութիւնները:
Այդ թուականէն ասդին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան հսկայական փոփոխութիւններ` կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Վերջ դրուեցաւ համակարգային «կորուպցուային» ու ականատես եղանք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ձերբակալութեան ու բանտարկութեան` կաշառակերութեան մեղադրանքներով: Վերացան տնտեսական մենաշնորհները ու տեղի ունեցաւ աւելի արդար վերաբաշխում` գործարար միջավայրէն ներս: Խօսքի ու մամուլի ազատութիւնները ու արդար ընտրութիւնները դարձան անկունաքարը ժողովուրդի ազատ արտայայտութեան իրաւունքին: Տնտեսական աճը ունեցաւ մեծ յառաջխաղացք, որ իր կարգին նպաստեց, որ պետութիւնը ապահովէ աւելի մեծ հարկային եկամուտներ: Բարձրացան աշխատավարձերն ու թոշակները, նորոգուեցան ճանապարհներն ու ուսումնական հաստատութիւնները եւ կարելի եղաւ հսկայական գումարներ յատկացնել բանակի արդիականացման:
Վերջին տարիներուն Հայաստան կարողացաւ իր վրայէն թօթափել մէկ երկրէն իր կախուածութիւնը ու սկսաւ վարել իսկապէս անկախ ու բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն` զարգացնելով իր յարաբերութիւնները երկիրներու հետ, որոնք կրողներն են ժողովրդավարական արժէհամակարգերու:
Այսօր երբ կը տօնախմբենք Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձը եւ կը վերյիշենք մեր անցած ուղին` իր լաւ ու վատ կողմերով, կը մաղթենք որ պարտութիւններն ու յուսախաբութիւնները մնացած են մեր ետին ու Հայրենիքը բռնած է վերելքի ու զարգացման ճանապարհը: Ներկայիս Հայաստանը կարիքը ունին խաղաղութեան, որպէսի Հայ ժողովուրդի ստեղծագործ միտքը ամբողջութեամբ լծուի իր հայրենիքի բարգաւաճման ու քաղաքացիներու ապագայի իղձերու իրականացման:
Գրիգոր Խոտանեան
«ՄԱՍԻՍ»