image

Գայթակղութիւնները ինչի՞ կը ծառայեն. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Գայթակղութիւնները ինչի՞ կը ծառայեն. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Թուրքիոյ ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան օրա­կար­գը կը ողո­ղուի ան­հա­ւատա­լի, շշմե­ցու­ցիչ, յա­ճախ ընդվզում եւ զայ­րոյթ պատ­ճա­ռող զար­գա­ցումնե­րով։

Թէ՛ մի­ջազ­գա­յին գե­տնի վրայ եւ թէ երկրէ ներս քա­ղաքա­կան դէմ­քե­րու յայ­տա­րարու­թիւննե­րը օրեր շա­րու­նակ կը քննար­կո­ւին հե­ռուստաէկ­րաննե­րու կամ հա­մացան­ցի էջե­րուն վրայ եւ բա­ցար­ձա­կապէս չեն հաս­նիր որոշ եզ­րա­կացումնե­րու։ Ի՞նչ ըսել ու­զեց նա­խագահ Էր­տո­ղան, երբ յայ­տա­րարեց թէ Իս­րա­յէլի յա­ջորդ թի­րախը Թուրքիան պի­տի ըլ­լայ։ Ոչ ոք յա­ջողե­ցաւ այս լուրջ յայ­տա­րարու­թեան գաղտնի­քը պար­զե­լու։ Էր­տո­ղան ինչպի­սի՞ տո­ւեալ­նե­րու յե­նելով նման ազ­դա­րարու­թիւն մը ըրած էր։ Վեր­ջա­պէս շա­տեր ան­պա­տաս­խան մնա­ցող հար­ցումը բա­ցատ­րե­ցին երկրի օրա­կար­գը շե­ղելու փորձ մը ըլ­լա­լով։

Դա­տախա­զու­թիւնը վեր­ջա­պէս պա­տարստեց ու­թեամեայ պա­տանի Նա­րին Կիւ­րա­նի սպա­նու­թեան վե­րաբե­րեալ ամ­բաստա­նագի­րը։ Դա­տախա­զը հա­մոզո­ւած է թէ երա­խան սպա­նուած է իր հօ­րեղ­բօր, մօր ու եղ­բօր հա­մագոր­ծակցու­թեամբ։ Հետզհե­տէ աւե­լի հա­մատա­րած հա­մոզու­մի մը վե­րածո­ւած է թէ Թուրքիոյ բնակ­չութեան մէջ շատ լուրջ հա­մեմա­տու­թիւն կը կազ­մեն խե­լագա­րուած­նե­րը, որոնք ի վի­ճակի են ամէն տե­սակ անըն­դունե­լի արար­քը գոր­ծե­լու։

Այս հա­մոզու­մը վե­րահաս­տա­տելու օրի­նակ մը ըլ­լա­լով պար­զո­ւեցաւ Պոլ­սոյ եւ շրջա­կայ­քի սե­փական հի­ւան­դա­նոց­նե­րէ ներս յայտնա­բերո­ւած ման­կասպա­նու­թեան դէպ­քե­րը։

Ընգվզու­մի նոր ալիք մը եւս գո­յացաւ, երբ լսե­ցինք թէ յան­ցա­գործ կազ­մա­կեր­պութիւն մը ապա­հովագ­րութեան ծա­ռայու­թե­նէն գու­մարներ շոր­թե­լու նպա­տակաւ առողջ նո­րածին­նե­րը կը փո­խադ­րէ խտա­ցեալ դար­մանման կամ վե­րակեն­դա­նաց­ման բա­ժին եւ պատ­ճառ կը դառ­նայ աւե­լի քան տաս­նեակ մա­նուկնե­րու մա­հուան։ Դէպ­քը ինքնա­բերա­բար օրա­կար­գի բե­րաւ առող­ջա­պահա­կան ծա­ռայու­թիւննե­րու սե­փակա­նաց­ման խնդի­րը։ Սա­կայն այս նիւթն ալ կա­րելի չե­ղաւ իր բո­լոր ծալ­քե­րով քննար­կել, քա­նի որ Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Պահ­չե­լի յան­կա­րածա­կիօրէն խօ­սեցաւ Ապ­տուլլահ Էօճա­լանի ազատ ար­ձակման պայ­մաննե­րուն մա­սին։

Թէեւ այս երե­ւոյ­թը բա­ցառո­ւած չէ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան պատ­մութեան մէջ։ Ան­ցեալին ալ ակա­նատես եղած ենք օրի­նակի հա­մար Իս­րա­յէլի հետ զի­նուո­րական հա­մագոր­ծակցու­թեան պայ­մա­նագ­րին կրօ­նամոլ Նեճ­մետտին Էր­պա­քանի կամ մա­հապատ­ժի վե­րաց­ման մա­սին օրէն­քին Տեւ­լեթ Պահ­չե­լիի ձե­րամբ ստո­րագ­րո­ւելու դէպ­քե­րը կը յի­շեց­նեն առիւ­ծին կա­տուի ճան­կե­րուն տակ խեղ­դա­մահ ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թը։

Մար­դիկ զար­մա­ցած իրա­րու հարց կու տան թէ ի՞նչ պա­տահե­ցաւ որ այսպէս սուր ան­կիւնա­դարձ մը կ՚ապ­րինք։

Դար­ձեալ հա­մատա­րած հա­մոզու­մի հա­մաձայն ամէն ինչ կը կա­տարո­ւի իշ­խող կու­սակցու­թեան եւ անոր նա­խագա­հի վար­չա­կան յա­րատե­ւու­թիւնը ապա­հովե­լու հա­մար։

Ան­դին կայ կա­րեւոր գոր­ծօն մը եւս։ Շուրջ եր­կու ամիս ետք պի­տի ճշտուի նո­ւազա­գոյն աշ­խա­տավարձքը։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րը կը պատ­րաստո­ւին նա­խատե­սուած սղա­ճի հա­մեմա­տու­թիւնով բարձրաց­նել աշ­խա­տավարձքը։ Իսկ հա­սարա­կու­թիւնը կը պա­հան­ջէ տի­րող սղա­ճը նկա­տի ու­նե­նալ եւ ըստ այնմ յա­ւելել աշ­խա­տավարձքը։

Այս տո­ղերը գրե­լու պա­հուն է, որ լրա­տուա­միջոց­նե­րը կը հա­ղոր­դեն Ան­գա­րա, ԹՈՒ­ՍԱՇ ըն­կե­րու­թեան ուղղեալ ահա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մի մը մա­սին։

Յայտնի է որ տի­րող փո­թորի­կին մէջ այս ու նման էական խնդիր­նե­րը զգու­շօ­րէն պի­տի չե­ղար­կո­ւին սկան­տա­լային բնոյ­թի օրա­կար­գե­րով, որոնք նոյնքան էական նշա­նակու­թիւն ու­նին հա­սարա­կու­թեան ապա­գային առու­մով։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»