Իրանի Իսլամական Հնարապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանի այսօր ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է Լիբանանի զարգացումներուն մասին։ Արաբական մամուլի տեղեկութիւններով, Իրանի նախագահը մասնաւորապէս ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ շահարկել Լիբանանի մէջ ընթացող ցոյցերը ու երկիրը տանիլ քաղաքացիական պատերազմի։
Ռոհանի նաեւ ըսած է, որ շրջանին մէջ պատերազմներու հիմնական պատասխանատուները ԱՄՆ-ն ու Իսրայէլն են։