image

Քուրսքի շրջանին մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու յարձակումը չի խախտեր միջազգային իրաւունքը․ Սթոլթընպերկ

Քուրսքի շրջանին մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու յարձակումը չի խախտեր միջազգային իրաւունքը․ Սթոլթընպերկ

Քուրսքի շրջանին մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու յարձակումը չի խախտեր միջազգային իրաւունքը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Die Welt» պարբերականը, այդ մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկ յիշեալ լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին։ 

«Միջազգային իրաւունքի համաձայն՝ ուքրանական զինուժի գործողութիւնը չի սահմանափակուիր միայն սահմանով»,- ըսած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ Ուքրանիան ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք։

Բացի այդ, ան պնդած է, որ ռուս զինուորները, զինատեսակները եւ ռազմակայանները կը համարուին օրինական թիրախներ։ Սթոլթընպերկ նաեւ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գործողութիւնը Քուրսքի շրջանին մէջ յղի է վտանգներով։

«Բայց այդ Ուքրանիոյ որոշումն է, թէ ինչպէս պաշտպանէ ինքզինքը», - եզրափակած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ղեկավարը: