image

«Քորոնա»ի նոր ալիք. Եւրոպայի քարտէզը դարձեալ դէպի կարմիր

«Քորոնա»ի նոր ալիք. Եւրոպայի քարտէզը դարձեալ դէպի կարմիր

Գերմանիան յայտնուած է «Քորոնա»ի 4-րդ ալիքի բռնկման փուլում: Կը հաղորդուի, որ «Քովիտ»-ով վարակման օրական ցուցանիշը Չորեքշաբթի նոր մրցանիշ գրանցած է (52.826):

Պելճիքան եւս շարք մը միջոցներ սահմանած է՝ փորձելով խուսափիլ մեկուսացման կարգէն: Թագաւորութեան վարչապետ Ալեքսանտր Տէ Քրոյի խօսքով՝ «բոլոր տագնապային ազդանշանները միացուած են»: «Եւրոպայի քարտէզը արագօրէն կը կարմրի, եւ մենք՝ նոյնպէս», յաւելած է ան: Անոր խօսքով՝ շարք մը վայրեր, ինչպէս օրինակ՝ թատրոններ, սինեմա եւ թանգարաններ մտնելու ««Քովիտ»ի անվտանգ տոմսեր» անհրաժեշտ պիտի ըլլան:

Աւստրալիոյ մէջ, ուր մեկուսացման կարգ սահմանուած է մօտ 2 միլիոն չպատուաստուած անձերու համար, դարձեալ վարակման մէկօրեայ մրցանշային ցուցանիշ գրանցուած է Չորեքշաբթի:

Հոլանտայի մէջ, ուր նոյնպէս մրցանշային ցուցանիշներ գրանցուած է, արդէն մասնակի «լոքտաուն» սահմանուած է:

Շուէտը Դեկտեմբեր 1-էն պատուաստման անցաթուղթեր պիտի գործարկէ համեգասրահներ եւ այլ ժամանցայի վայրեր այցելելու համար:

Ֆրանսայի մէջ արդէն «Քորոնա»ի 5-րդ ալիքը կը մոլեգնի՝ ըստ կառավարութեան խօսնակ Կապրիէլ Աթալի: Չորեքշաբթի երկրին մէջ վարակման աւելի քան 20.000 դէպք արձանագրուած է: