Լաւ բեմադրիչը այն անձն է, որ աշխարհի մասին տարբեր տեսակէտ կ'առաջարկէ: Դիտարկելու ուժը՝ գոյնի, լոյսի, շարժումի եւ ձայնի, եւ իմանալը, թէ ինչ զգացումներ կրնան յուշել անոնք, պէտք է օգտագործուին՝ վերարտադրելու համար կեանքի այս դիտարկումները պաստառին վրայ: Աշխարհը հեռուէն դիտելով ու սորվելով, նոյնիսկ առանց մաս կազմելու անոր, դիտորդ դառնալու ձեւ մըն է: Աշխարհին որպէս բեմադրիչ դիտելը այնքան ալ տարբեր չէ աշխարհին որպէս վանական դիտելէ:
Շարժանկարներու աշխարհին մէջ ամերիկահայ բեմադրիչ՝ Օսքաննա Միրզոյեան իր իւրայատուկ տեղը ունի: Իր նոր կարճ շարժանկարին մասին «Արեւելք» կը կարդայ «The Mirror spectator» կայքէն:
Օքսաննա Միրզոյեան անկախ աշխատող բեմադրիչ է, ծնած է Պաքու, փոքր տարիքէն ծնողքին հետ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ ու հաստատուած Տիթրոյթի մէջ: Ան միշտ կլանուած եղած է վանականներու մենակեաց կեանքով: Նոյնիսկ 18 տարեկանին փախուստ տուած է տունէն երթալու Թիպէթի Պուտտայական վանք մը: Այժմ ան որոշած է բացայատել իր հայ նախնիներու ճգնաւորական կեանքի աւանդոյթները եւ ներկայացնել այդւ բոլորը կարճ շարժանկարով մը:
Առաջին հանդիպում
Ըստ յօդուածին՝ Միրզոյեան սկսած էր աշխատիլ երկար շարժանկարի մը վրայ, “Abysm,” (Անդունդ) խորագրով, որ վիպային պատմութիւն մըն է առնչուած Ղարաբաղի հակամարտութեան: Այդ շարժանկարին մէջ ան ծրագրած էր ներկայացնել երկու զինուորներ, որոնք ապաստան կը գտնեն վանքի մը մէջ վանահօրի մը հետ միասին: Բեմադրիչը այդ տեսարանին համար յարմար վայր մը փնտռած էր, ու գտած էր Տաթեւի «Անապատ վանք»ը, որ միւս աւելի յայտնի 9րդ դարու Տաթեւի Վանքը չէ:
Տաթեւի «Անապատ վանք»ը լքուած ու անբնակ է, ան հիմնուած է 1608-1613-ին եւ 45 տարի ետք լքուած: Այս համայնքը կարճատեւ կեանք ունեցած է երկրաշարժներու եւ Որոտան Գետի ձորի ջրհեղեղներուն պատճառաւ: Անոր անհասանելի ըլլալն ու կանաչածածկ տեսքը իտէալական դարձուցած են վայրը նկարահանութեան համար:
2019-ին, Միրզոյեան երբ Ստեփանակերտի «Թումօ» արհեստագիտական կեդրոնին մէջ կը դասաւանդէր, այցելած է Գորիս (մօր ծննդավայրը) ու յայտնաաբերած Տաթեւի Անապատը: «Այնտեղ գացի պտոյտի եւ տեսայ թէ մարդ մը նստած հեռաձայնով կը խօսի: Այնտեղ հողագործներ կ'աշխատէին, կարծեցի թէ ան ալ հողագործ մըն է: Առանց ուշադրութիւն դարձնելու իրեն, սկսայ նկարել շրջպատը: Ան ներս մտաւ ու այս անգամ իր վանականի հագուստով ելաւ ու մօտեցաւ ինծի: Յետմիջօրէն միասին անցուցինք:»
Ճգնաւորը
Հակառակ բջիջային հեռաձայն գործածելուն, «վանահայր Յակոբ», այսպէս է անունը շարժանկարին մէջ, կ'ապրի որպէս մեկուսացած ճգնաւոր: Ան մօտաւոր 65 տարեկան է, միշտ ցանկացած է դառնալ վանահայր, ան նախապէս իր ծննդավայր Գիւմրիին մէջ ամուսնացած ու ընտանիք ունեցած է: Երբ զաւակները մեծցած ու հեռացած, կնոջ համաձայնութեամբ որոշած է իրականացնել իր կեանքի երազանքը: Արդէն 6 տարի է, որ կ'ապրի Տաթեւի Անապատ վանքին մէջ առանձին:
Ըստ Միրզոյեանին՝ անոնց միացուցած է պարտիզպանութեան հանդէպ իրենց սէրը, բայց 6 ամիս պահանջած է, մինչեւ «Ճգնաւորը» համաձայնի, որ իր առօրեան ներկայացնող կարճ շարժանկար մը նկարահանուի: Բեմադրիչը շատ խանդավառուած է հնարաւորութիւններով: Նախագիծը ընտրուած է Պերլինի շարժանկարի փառատօնին կողմէ եւ պիտի ղեկավարուի միջազգային աշխատակազմով մը, իսկ պատմութիւնը բաւական մշակուած է այդ ընթացքին: Միայն ֆինանսաւորումը քիչ մը դժուար եղած է:
Ճգնաւորութիւնը ինքնին հրապուրած է Միրզոյեանը:
«Ըլլալով Տիթրոյթէն ես կը սիրեմ լքուած կառոյցները։ Անոնց մէջ կայ հոգեւորականութիւն, կարծես բնութեան կողմէ գրաւուած են, պարզապէս գերազանցութիւն է»,- նշած է Միրզոյեան, ան նաեւ յիշած է հին գիւղեր, որոնք այժմ ուրուական քաղաքներ դարձած են, ուր ան մտադիր է նկարահանումներ կատարել։ Միրզոյեանի վառ երեւակայութիւնը կը պատկերացնէ այն ժամանակները, երբ այս վայրերը կենդանի էին ու եռանդուն:
Վանահայր Յակոբի սահմանին մօտ ըլլալը նաեւ լոյս կը սփռէ վերջին պատերազմի եւ իրավիճակի վերաբերեալ անոր կարծիքին վրայ։ Բայց շարժանկարի հիմնական նպատակը բացայայտելն է ճգնաւորութեան էութիւնը: Բեմադրիչը ըսած է, որ այս նիւթը առիթ տուած է որ ան հաղորդակցի վանահայր Յակոբին հետ: «Մենք երկուքս ալ կը սիրենք առանձնութիւն: Ես մտադիր եմ ժամանակ մը անցընել իր հետ, հասկնալ անոր տեսակը, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ առանձնութեան մէջ ճգնաւոր: Հասկնալ անոր հոգեւորականութիւնը, եւ մանաւանդ, հայ հոգեւորականութիւնը, թերեւս եւ իմ հոգեվիճակի մասին պատկերացում մը կու տայ»:
Բեմադրիչը տակաւին զարմացած է, թէ ինչպէս վանահայր Յակոբը յայտնուեցաւ իր կեանքին մէջ։ «Անիկա համատեղիութեան պահ էր»,- ըսած է ան: «Ինչպէ՞ս պատահեցաւ: Ես այսքան ժամանակ կը պատկերացնէի իմ շարժանկարի կերպարը ճիշդ այս վայրին մէջ: Ես գացի փնտռելու նկարահանման վայր մը եւ ան այնտեղ էր:»
Նշենք, որ Միրզոյեան 29 սեպտեմբերին ժամանած Հայաստան նկարահանելու կարճ շարժանկարը:
«Արեւելք»ի համար թարգմանեց ՝ Թ. Գ.