image
Հրատապ լուրեր:

Քրիստոնէութիւն, լքուած վայրեր եւ հայ ճգնաւորութիւն.Օքսանա Միրզոյեանի նոր ֆիլմը

Քրիստոնէութիւն, լքուած  վայրեր  եւ  հայ ճգնաւորութիւն.Օքսանա Միրզոյեանի նոր ֆիլմը


Լաւ բեմադրիչը այն անձն է, որ աշխարհի մասին տարբեր տեսակէտ կ'առաջարկէ: Դիտարկելու ուժը՝ գոյնի, լոյսի, շարժումի եւ ձայնի, եւ իմանալը, թէ ինչ զգացումներ կրնան յուշել անոնք, պէտք է օգտագործուին՝ վերարտադրելու համար կեանքի այս դիտարկումները պաստառին վրայ: Աշխարհը հեռուէն դիտելով ու սորվելով, նոյնիսկ առանց մաս կազմելու անոր, դիտորդ դառնալու ձեւ մըն է: Աշխարհին որպէս բեմադրիչ դիտելը այնքան ալ տարբեր չէ աշխարհին որպէս վանական դիտելէ: 

Շարժանկարներու աշխարհին մէջ ամերիկահայ բեմադրիչ՝ Օսքաննա Միրզոյեան իր իւրայատուկ տեղը ունի: Իր նոր կարճ շարժանկարին մասին  «Արեւելք»  կը կարդայ «The Mirror spectator» կայքէն:

Օքսաննա Միրզոյեան անկախ աշխատող բեմադրիչ է, ծնած է Պաքու, փոքր տարիքէն ծնողքին հետ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ ու հաստատուած Տիթրոյթի մէջ: Ան միշտ կլանուած եղած է վանականներու մենակեաց կեանքով: Նոյնիսկ 18 տարեկանին փախուստ     տուած է տունէն երթալու Թիպէթի Պուտտայական վանք մը: Այժմ ան որոշած է բացայատել իր հայ նախնիներու ճգնաւորական կեանքի աւանդոյթները եւ ներկայացնել   այդւ  բոլորը կարճ շարժանկարով մը:

Առաջին հանդիպում

Ըստ յօդուածին՝ Միրզոյեան սկսած էր աշխատիլ երկար շարժանկարի մը վրայ, “Abysm,” (Անդունդ) խորագրով, որ վիպային պատմութիւն մըն է առնչուած Ղարաբաղի հակամարտութեան: Այդ շարժանկարին մէջ ան ծրագրած էր ներկայացնել երկու զինուորներ, որոնք ապաստան կը գտնեն վանքի մը մէջ վանահօրի մը հետ միասին: Բեմադրիչը այդ տեսարանին համար յարմար վայր մը փնտռած էր, ու գտած էր Տաթեւի «Անապատ վանք»ը, որ միւս աւելի յայտնի 9րդ դարու Տաթեւի Վանքը չէ:

Տաթեւի «Անապատ վանք»ը լքուած ու անբնակ է, ան հիմնուած է 1608-1613-ին եւ 45 տարի ետք լքուած: Այս համայնքը կարճատեւ կեանք ունեցած է երկրաշարժներու եւ Որոտան Գետի ձորի ջրհեղեղներուն պատճառաւ: Անոր անհասանելի ըլլալն ու կանաչածածկ տեսքը  իտէալական դարձուցած են վայրը նկարահանութեան համար:

2019-ին, Միրզոյեան երբ Ստեփանակերտի «Թումօ» արհեստագիտական կեդրոնին  մէջ կը դասաւանդէր, այցելած է Գորիս (մօր ծննդավայրը) ու յայտնաաբերած Տաթեւի Անապատը: «Այնտեղ գացի պտոյտի եւ տեսայ թէ մարդ մը նստած հեռաձայնով կը խօսի: Այնտեղ հողագործներ կ'աշխատէին, կարծեցի թէ ան ալ հողագործ մըն է: Առանց ուշադրութիւն դարձնելու իրեն, սկսայ նկարել շրջպատը: Ան ներս մտաւ ու այս անգամ իր վանականի հագուստով ելաւ ու մօտեցաւ ինծի: Յետմիջօրէն միասին անցուցինք:»

Ճգնաւորը

Հակառակ բջիջային հեռաձայն գործածելուն, «վանահայր Յակոբ», այսպէս է անունը շարժանկարին մէջ, կ'ապրի որպէս մեկուսացած ճգնաւոր: Ան մօտաւոր 65 տարեկան է, միշտ ցանկացած է դառնալ վանահայր, ան նախապէս իր ծննդավայր Գիւմրիին մէջ ամուսնացած ու ընտանիք ունեցած է: Երբ զաւակները մեծցած ու հեռացած, կնոջ համաձայնութեամբ որոշած է իրականացնել իր կեանքի երազանքը: Արդէն 6 տարի է, որ կ'ապրի Տաթեւի Անապատ վանքին մէջ առանձին:

Ըստ Միրզոյեանին՝ անոնց միացուցած է պարտիզպանութեան հանդէպ իրենց սէրը, բայց 6 ամիս պահանջած է, մինչեւ «Ճգնաւորը» համաձայնի, որ իր առօրեան ներկայացնող կարճ շարժանկար մը նկարահանուի: Բեմադրիչը շատ խանդավառուած է հնարաւորութիւններով: Նախագիծը ընտրուած է Պերլինի շարժանկարի փառատօնին կողմէ եւ պիտի ղեկավարուի միջազգային աշխատակազմով մը, իսկ պատմութիւնը բաւական մշակուած է այդ ընթացքին: Միայն ֆինանսաւորումը քիչ մը դժուար եղած է:

Ճգնաւորութիւնը ինքնին հրապուրած է Միրզոյեանը:

«Ըլլալով Տիթրոյթէն ես կը սիրեմ լքուած կառոյցները։ Անոնց մէջ կայ  հոգեւորականութիւն, կարծես բնութեան կողմէ գրաւուած են,  պարզապէս գերազանցութիւն է»,- նշած է Միրզոյեան, ան նաեւ յիշած է հին գիւղեր, որոնք այժմ ուրուական քաղաքներ դարձած են, ուր  ան մտադիր է նկարահանումներ կատարել։ Միրզոյեանի վառ երեւակայութիւնը կը պատկերացնէ այն ժամանակները, երբ այս վայրերը կենդանի էին ու  եռանդուն: 

Վանահայր Յակոբի սահմանին մօտ ըլլալը նաեւ  լոյս կը սփռէ վերջին պատերազմի եւ իրավիճակի վերաբերեալ անոր կարծիքին վրայ։ Բայց շարժանկարի հիմնական նպատակը բացայայտելն է ճգնաւորութեան էութիւնը: Բեմադրիչը ըսած է, որ այս նիւթը առիթ տուած է որ ան հաղորդակցի վանահայր Յակոբին հետ: «Մենք երկուքս ալ կը սիրենք առանձնութիւն: Ես մտադիր եմ ժամանակ մը անցընել իր հետ, հասկնալ անոր տեսակը, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ  առանձնութեան  մէջ ճգնաւոր: Հասկնալ անոր հոգեւորականութիւնը, եւ մանաւանդ, հայ հոգեւորականութիւնը, թերեւս եւ իմ հոգեվիճակի մասին պատկերացում մը կու տայ»:

Բեմադրիչը տակաւին զարմացած է, թէ ինչպէս վանահայր Յակոբը յայտնուեցաւ իր կեանքին մէջ։ «Անիկա համատեղիութեան պահ էր»,- ըսած է ան: «Ինչպէ՞ս պատահեցաւ: Ես այսքան ժամանակ կը պատկերացնէի իմ շարժանկարի կերպարը ճիշդ այս վայրին մէջ: Ես գացի փնտռելու նկարահանման վայր մը եւ ան այնտեղ էր:» 

 Նշենք, որ Միրզոյեան 29 սեպտեմբերին  ժամանած Հայաստան  նկարահանելու կարճ շարժանկարը:

 

«Արեւելք»ի համար  թարգմանեց ՝ Թ. Գ.