Կը կարծեմ՝ իշխող մեծամասնութիւնը համաձայնութիւն պիտի տայ դատախազին՝ զիս մանթատէն զրկելու միջնորդութեան: Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրույցին ըսած է Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանը:
Ան նշած է՝ որովհետեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներէն ընդամէնը քանի մը հոգի են, որոնք իրաւաբաններ են եւ որոնք կրնան այս կամ այն կերպ ճիշդ գնահատել իրողութիւնները, իսկ միւսներն այդքան իրաւաբանական գիտելիքներ չունին եւ, հետեւաբար, պէտք է հնարաւորութիւն տան դատախազութեան եւ իրաւապահ միւս մարմիններուն՝ սկսելու գործընթաց, պարզելու համար, թէ ինչ տեղի ունեցած է:
Աղազարեանը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ այդ քաղաքական որոշում է:
«Պարոն Փաշինեանի նպատակն ինձ մանդատից զրկելն է եւ ինձ մանդատից զրկելու համար կայ շատ գեղեցիկ, ռէալ ճանապարհ։ Գիւմրու ընտրութիւններում ՔՊ-ն պարտութիւն է կրում, եւ վարչապետը գնում է արտահերթ ընտրութիւնների, հետեւաբար բոլորը՝ այդ թւում նաեւ ես, զրկւում ենք մանդատից»,-ըսած է ան։
Իսկ թէ ինչ հիմք ունի նման վերլուծութեան, Աղազարեանն ըսած է. «Հիմա չեմ ասի, թէ ինչ հիմքով: Դա կ՚ասեմ, երբ որ այդ բանը տեղի ունենայ, որովհետեւ չեմ ուզում արտահերթ ընտրութիւններ, չեմ ուզում յուշեմ»: