image
Հրատապ լուրեր:

Քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառի մէջ Հայաստան-Իրան համագործակցութեան հարցեր. Պապիկեան ընդունած է Սոպհանին

Քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառի մէջ Հայաստան-Իրան համագործակցութեան հարցեր. Պապիկեան ընդունած է Սոպհանին

Յուլիս 9-ին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանիին։

Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանութեան նորանշանակ ռազմական կցորդ, գնդապետ Մոհամմատ Նաճաֆին:

Հանդիպման քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառի մէջ Հայաստան-Իրան համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: