Յուլիս 9-ին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանիին։
Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանութեան նորանշանակ ռազմական կցորդ, գնդապետ Մոհամմատ Նաճաֆին:
Հանդիպման քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառի մէջ Հայաստան-Իրան համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: