image

Քիեւէն տարհանում պիտի չըլլայ

Քիեւէն տարհանում  պիտի չըլլայ

Ձմրան, Քիեւէն մարդոց մեծ մասը կրնայ ըլլալ հանել, բայց այդ տարհանում չ'ըլլար, այլ պարզապէս ժամանակաւոր տեղափոխում։ Այս մասին յայտարարած է Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօն, յայտնած է ТСН-ը։

«Տարհանման մասին այժմ խօսք չկայ, բայց մենք կը դիտարկենք այն հնարաւորութիւնը, որ մարդոց մէկ մասը թերեւս տեղափոխել Քիեւի արուարձաններ՝ մանկատուներ, ծերանոցներ։ Այդ տարհանում անուանել կարելի չէ, իսկ ահա բնակչութեան որոշ խումբերու տեղափոխում մենք կը դիտարկենք»,- պարզաբանած է Քլիչքօն։

Ան նաեւ դիմած է Քիեւի բոլոր բնակիչներուն՝ կոչ ընելով քաղաքին մէջ վատ սենարի նոյնպէս պատրաստուելու։ «Տեխնիկական ջուր պահեստ դրէք՝ լեցուցէք լոգարանը կամ տարաներ, որոնք ունիք։ Խմելու ջուրի պահուստներ, սնունդի պահուստներ, տաք հագուստ։ Եթէ ձեզմէ որեւէ մէկը տուն ունի Քիեւի արուարձանները, եթէ կան ծանօթներ, ընկերներ, տուն, ուր վառարան կայ, տաքութիւն, ջրամատակարարում, վատ չ'ըլլար մտածել այնտեղ ժամանակաւորապէս մնալու մասին»,- նշած է ան: