Նախնական տուեալները կը բացառեն, որ Լեհաստանի մէջ ինկած հրթիռը արձակուած է Ռուսիայէն: ՌԻԱ «Նովոստի»-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն։
«Նախնական տեղեկութիւններով՝ այդ հերքուած է։ Ես չեմ ուզեր յայտարարութիւն ընել մինչեւ հետաքննութեան ամբողջական աւարտը, բայց (հրթիռի) հետագծի առումով քիչ հաւանական է, որ այն արձակուած ըլլայ Ռուսիայէն»,-ըսած է ան լրագրողներուն Պալիի մէջ համաշխարհային առաջնորդներու հետ հանդիպումէն ետք։
Պայտըն աւելցուցած է, որ մտադիր է պարզել Լեհաստանի մէջ հրթիռային միջադէպի ստոյգ հանգամանքները, ապա որոշել, թէ ինչ քայլեր ձեռնարկել։ Ան նաեւ յայտնած է, որ ՆԱԹՕ-ի եւ G7-ի ղեկավարները հանդիպման ժամանակ քննարկած են Լեհաստանի մէջ հրթիռային միջադէպը եւ պայմանաւորուած են օգնել Վարշավային հետաքննութեան հարցով։
Աւելի վաղ Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուդան յայտարարած էր, որ Վարշավան ստոյգ տեղեկութիւն չունի, թէ որու հրթիռները ինկած են երկրի տարածքին։ Այս յայտարարութիւնը կը հակասէր Լեհաստանի ԱԳՆ-ի պնդման, որ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ երկրի տարածքին «ռուսական արտադրութեան» հրթիռ ինկած է, եւ այդ կապակցութեամբ զանգած էր Վարշավայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Անտրէեւին:
Նշենք, որ 15 նոյեմբերին լեհական լրատուամիջոցները յայտնած են Լեհաստանի տարածքին երկու հրթիռի ենթադրեալ անկման մասին՝ Ուքրանիոյ հետ սահմանին գտնուող Լյուպլինի մէջ երկու մարդ է զոհուած է:
ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ լեհ-ուքրանական պետական սահմանի մօտ թիրախներուն հարուածներ չեն հասցուած, իսկ որոշ բեկորներու հրապարակուած լուսանկարները կապ չունին ռուսական զէնքի հետ։ «Ռուսական» հրթիռներու ենթադրեալ անկման մասին լեհական լրատուամիջոցներու բոլոր յայտարարութիւնները դիտաւորեալ սադրանք են՝ իրավիճակը սրելու նպատակով, յայտնած են ՌԴ ՊՆ-էն։
ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի հետ զրոյցի ժամանակ խօսած է Լեհաստանի տարածքին տեղի ունեցած միջադէպի «բոլոր փաստերը հաստատելու» անհրաժեշտութեան մասին։ :