Թուրքիա- Թուրք լրագրող եւ Ճեմալ փաշայի թոռ ` Հասան Ճեմալ ծանր քննադատութիւններու թիրախ դարձած է Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Մարմարա»ն, որ կը գրէ, թէ Քեմալիստներու կուսակցութեան (MHP) մէկէ աւելի պատասխանատուներ ծանր մեղադրանքներ ուղղած են Ճէմալին ըսելով,որ «դուն Թուրք ժողովուրդին թշնամիներուն հետ կը գործակցիս եւ թուրք ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ քեզի պէսները պատժելու ձեւը»: Աւելի կանուխ Ճեմալ թրքական T-24 կայքին մէջ յօդուած մը ստորագրելով պաշտւպանած էր վերջին ընտրութիւններուն քրտամէտ HDP-ին ի նպաստ քուէարկողները: MHP կուսակցութեան բանբեր համարուող «Սթար» պարբերականի խմբագիրներէն՝ Ահմէթ Քէքէչ յօդուած մը ստորագրելով եւ մեղադրանքները Ճէմալին ուղղելով գրած է «Դուն Վոսբորի վրայ Վիլլա մը ունիս, Ուիսքի կը խմես եւ HDP-ին հետ կը գործակցիս: Աւելին կը բնակիս հայերուն պատկանող ապարանքի մէջ մը եւ օր մը այդ ապարանքին համար պիտի վճարես»: Ճէմալ այս մեղադրանքներուն պատասխան մը գրելով ըսած է, որ ինք հայերէ բռնագրաւուած ապարանքի մը մէջ չ'ապրիր եւ այս խօսքերը կը միտին հասարակութեան մօտ իր դէմ ատելութիւն հրահրելու: