Ո՞վ կրնար պատկերացնել, որ օր մը՝ 5 Սեպտեմբեր, 2008-ին, հայերու դահիճին թոռը կը խոնարհի Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ:
Վերջերս գտնուած ժամանակ Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ՝ վերապատուելի դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան հանդիպում ունեցած է թուրք լրագրող՝ Հասան Սէմալ Ճէմալին) հետ: Այս հանդիպման մասին ան գրած է Nouvelles D'Arménie Magazine ֆրանսական կայքին մէջ: Յօդուածին սղագրութիւնը «Արեւելք» թարգմանաբար կը ներկայացնէ ստորեւ:
Վերապատուելի Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան կը գրէ՝
Հայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան 15-րդ տարելիցի առթիւ գտնուեցայ Պոլիս եւ առիթը ունեցայ հանդիպելու լրագրող Հասան Ճէմալին հետ:
Նախապէս քանի մը անգամ հանդիպած էի Ճէմալի հետ Ֆրանսա եւ Թուրքիա: Հարկ է յիշեմ, որ ան թոռն է Ճէմալ փաշային, որ 1915-ին Թալիաթ եւ Էնուար փաշաներուն հետ կազմակերպած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Թուրքիոյ մէջ Հասան Ճէմալ յայտնի է, որպէս մտաւորական, լրագրող եւ գրող, որ երբեք չի վարանիր կարծիքը արտայայտելու, ան մէկ կողմէ կ'արժանանայ շատերու հիացմունքին եւ միւս կողմէ տեղիք կու տայ իր դէմ դատական գործընթացներու:
Հասան Ճէմալի եւ Հրանդ Տինքի ճանապարհները անպայման, որ օր մը պիտի հանդիպէին։ Ճէմալ պատմեց իր խիզախ վերնագիրով գրքին մասին, «1915, Հայոց Ցեղասպանութիւն», որ հրատարակուած է 2012 թուականին Թուրքիա: Թրքերէնով գրուած հատորը թարգմանուած է ֆրանսերէնի, անգլերէնի, եւ հայերէնի: Գիրքը ամիսներ եղած է ամէնէն շատ վաճառուած գիրքերէն մին Թուրքիոյ մէջ։
Ան մատնանշեց, որ 2000-ականներուն սկիզբը Հրանդ Տինքին եւ այլ քանի մը մտաւորականներու հետ նկատած էին երկրին մէջ ազատութիւններու եւ արդարադատութեան մէջ առաջխաղացում՝ ընկերային արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ փոքրամասնութիւններու եղափոխութիւն:
Ան յիշեց հայերուն հետ կապուած իր անցած ճանապարհը, որ մանրամասնած է իր գրքին մէջ, թէ ինչպէս անցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման փուլէն այն փուլը, ուր հասկցած է, որ 1915-ին ինչ որ բան իսկապէս տեղի ունեցած է, ծրագրուած տեղահանութիւններ եւ ջարդեր, մինչեւ երբ յայտարարած է «Այո՛, այդ ցեղասպանութիւն էր»։
Հրանդ Տինք կարեւոր դեր խաղցած է այս ճանապարհորդութեան մէջ, ինչպէս նաեւ պատմաբան՝ Թանէր Աքչամ եւ այլ մտաւորականներ։
Ճէմալ դասախօսութիւններ տուած է զանազան երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան հետ կապուած իր համոզումին մասին: Անգամ մը 27 Սեպտեմբեր, 2014-ին, Փարիզի մէջ դասախօսութեան մը ընթացքին, ներկաներէն մէկը նկատողութիւն ըրաւ, որ Ճէմալ իրականութեան մէջ թուրք գործակալ մըն է: Ան պատասխանեց, «Նոյնիսկ ես թուրք գործակալ մ'ըլլայի, ինչ որ չեմ, իմ հաստատումները, որ Ցեղասպանութիւնը եղած է Օսմանեան կայսրութեան շրջանին, միայն ի շահ հայերուն է»:
Մեր հանդիպման ժամանակ, ան չպահեց իր մտահոգութիւնը Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ:
Ան ակնարկեց, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը հասած է փակուղիի իսկական մեղաւորները բացայայտելու առնչութեամբ։ Ան չի կարծեր, որ այս գործը կրնայ նկատելի առաջընթաց արձանագրել։
Քննարկեցինք նաեւ մտաւորական եւ բարերար Օսման Քավալայի բանտարկութեան հարցը։ Ան լաւատես էր վերջինին ազատ արձակուելու կապակցութեամբ: Ես յիշեցի թէ ինչպէս Օսման Քավալային հետ առաջին անգամ հանդիպած էի Պոլսոյ մէջ, Ապրիլ 24, 2014-ին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջոցառումներուն ժամանակ: Քավալան երեկոյ մը ճաշարանի մը մէջ հրաւէր կազմակերպած էր: Ֆրանսայէն փոքր խումբ մըն ալ հրաւիրուած էինք, շնորհակալութիւն յայտնեցինք այն ամէն ինչի համար, որ կ'ընէր հայերուն համար, ան պատասխանեց. «Ես այդ միայն ձեզի համար չեմ ըներ, այլ նաեւ իմ երեխաներուն համար, որպէսզի անոնք երջանիկ եւ խաղաղ ապրին այս գեղեցիկ երկրին մէջ: Ես այդ կ'ընեմ թրքական հասարակութեան բոլոր խաւերուն համար, որպէսզի մեր երկիրը ըլլայ ազատ, արդար եւ ժողովրդավարական»:
Վերջին թեման, որ քննարկեցինք Ճէմալի հետ, հայ-թրքական երկխօսութեան եւ հնարաւոր հաշտութեան հարցն էր։ Այս թեման շատ այժմէական է Կովկասի տարածաշրջանի նոր աշխարհաքաղաքական տուեալներու ֆոնին։
Ինչ որ ակնյայտ է, Հասան Ճէմալ կը հանդիսանայ արեւի շող մը հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ մշուշին մէջ:
Ո՞վ կրնար պատկերացնել, որ օր մը՝ 5 Սեպտեմբեր, 2008-ին, հայերու դահիճին թոռը կը խոնարհի Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ:
Ո՞վ կրնար պատկերացնել, որ նոյն Հասան Ճէմալը ոչ միայն կը ճանչնայ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այլ նաեւ ներողութիւն կը խնդրէ հայերէն եւ կը բռնէ թուրքերը եւ հայերը հաշտեցնելու ճամբան։
Ի հարկէ, այս ճամբան շատ երկար է:
2008-ին, Հայաստան կատարած իր այցելութեան ժամանակ ան Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արմէն Գէորգեանին նետ։ «Գերիրապաշտ» (surrealist) հանդիպում մըն էր։ Արմէն թոռն է Արտաշէս Գէորգեանի, մէկը այն հայերէն, որոնք 1922-ին Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) սպանեցին Հասան Ճէմալի մեծ հայրը՝ Ճէմալ փաշան։
Այս հանդիպման ընթացքին յուզումները շատ էին, եւ եղածը բաւական խորհրդանշական էր:
Ուստի, 100 տարի ետք, հետեւեալ խօսքերը մարտահրաւէրի կոչ կ'ուղղեն,- «Ամէն ինչ կարելի է անոնց համար, որոնք կը հաւատան»:
«Արեւելք»ի համար Ֆրանսերէնէ թարգմանեց՝ Թ. Գ.