Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն Ճէմալ Փաշայի թոռը՝ գրող, հրապարակախօս Հասան Ճէմալ, T24 կայքի իր սիւնակի մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ նախօրէին քրտաբնակ Տիարպէքիրի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ու անոր հնչեցուցած յայտարարութիւններուն։
«Էրտողանին կը լսեմ։
Ըսած է՝ «Մենք քրտական հարցը լուծած ենք: Թուրքիան այլեւս քրտական հարց չունի»։
Ըսած է՝ «Այսօր Թուրքիան առաւել ազատ է, քան 16 տարի առաջ»։
Ան իսկապէս ըսած է այս ամէնը։
Ականջներուս չեմ հաւատար», - գրած է Հասան Ճէմալը։
Ան նշած է, որ երկար մտածած է՝ առհասարակ արձագանգել Էրտողանի այս յայտարարութիւններուն, թէ արհամարհել, սակայն, ի վերջոյ, որոշած է գրել։
«Նստած եմ համակարգչի դիմաց, ըսի՝ երկու տող գրեմ։ Բայց ի՞նչ գրեմ։ Գրելն այս պարաագային չի՞ նշանակեր, որ լուրջ ձեւով ընդունած եմ այս խօսքերը։ Եթէ արհամարհեմ՝ աւելի լաւ չըլլա՞ր։ Եթէ գրեմ՝ կրնայ ըլլալ չկարողանամ անձս զսպել։ Տիարբեքիրի մէջ քիւրտերու աչքերու մէջ նայելով ըսած է «Քրտական հարցը լուծած ենք»։ Կը կարողանայ ըսել, թէ մենք ազատ երկիր ենք։ Այն պարագային, երբ քրտամէտ ժողովրդադեմոկրատներու առաջադրած նախագահի թեկնածու Սելահաթթին Տէմիրթաշը բանտի մէջ է՝ Էրտողան ազատ երկրի մասին կը խօսի»,- գրած է Ճէմալը։
Թուրք մտաւորականը յիշեցուցած է նաեւ, որ Էրտողանի հանրահաւաքի վայրէն քիչ հեռու կը գտնուի Տիարպէքիրի պատմական Սուր թաղամասը, որ գրեթէ ամբողջովին հողին հաւասարեցուած է 2015 թուականին, մինչդեռ Էրտողանը հանրահաւաքի ժամանակ խօսած է առաջընթացի ու քաղաքաշինութեան իրենց մեծածաւալ ծրագիրներու մասին։
«Ամէն պարագային, ես կրկին լուրջ կ'ընդունեմ ու կը գրեմ։ Կը բարկանամ, որ կը գրեմ։ Կը բարկանամ, որ նորէն կը կրկնուի։ Բայց, ուրիշ ի՞նչ կրնամ ընել։ Այո՛, այստեղէն կը բացականչեմ․ ո՛չ, այս երկիրն ազատ չէ՛, այս երկրի մէջ ժողովրդավարութիւն չկայ, այս երկրի մէջ քրտական հարց չէ լուծուած, դեռ աւելի խորացած է։ Ձայնս լսող կա՞յ։ Ականջ դնող կա՞յ»,- եզրափակած է Հասան Ճէմալը։