image

Qatar Airways-ն անժամկէտ չեղարկած է դէպի Հայաստան թռիչքները

Qatar Airways-ն անժամկէտ չեղարկած է դէպի Հայաստան թռիչքները

Qatar Airways օդանաւային ընկերութիւնը անժամկէտ չեղարկած է դէպի Հայաստան բոլոր թռիչքները։ Այս մասին ընկերութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն տարածած է երէկ երեկոյեան այն բանէ ետք, երբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութիւնն աւելի սրուեցաւ՝ Իրանը հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի ուղղութեամբ։

«Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին տեղեկութիւնը հաստատած են նաեւ ՀՀ քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէէն։

Նշենք, որ մինչ այս պահը «Զուարթնոց» օդակայանի պաշտօնական կայքէջին մէջ «ժամանումներ» բաժնի մէջ Qatar Airways-ի Տոհա-Երեւան թռիչքի կարգավիճակը չեղարկուած չէ։ Ըստ կայքի՝ չուերթը Երեւան պիտի ժամանէ կէսգիշերն անց՝ 00։50։ Կ՚ենթադրուի՝ իրավիճակի կարգաւորման պարագային չուերթը կրնայ իրականացուիլ։

Միաժամանակ կոմիտէէն յայտնած են, որ հակամարտութեան սրման լոյսին տակ օդային չուերթներու զանգուածային չեղարկումներ եւ ատոնց մասին յայտարարութիւններ չկան։

«Առաւօտեան նորմալ իրականացուել է Flyone-ի դէպի Թել Աւիւ թռիչքը, Armenian Airways–ի դէպի Թեհրան նախատեսուած թռիչքը եւս իրականացուելու է»,- յայտնած են Կոմիտէէն։