Տեղ հասնելուն պէս տեսայ Սերան եւ Արարատը: Այնտեղ գրկեցի իրենց: Մարդը շատ տարօրինակ արարած է: Այդ պահուն մտածեցի, որ արդէն երեխաներուս վիզը ծուռ մնաց: Ճնշուած, անհայր ու կոտրուած թեւով մնացինք… Այսպիսի միտքեր պարուրեցին ուղեղս: Այդ միտքերով գրկեցի իրենց:
Երբ ես գացի, ամուսինս արդէն տարած էին: Միայն անոր արիւնը տեսայ մայթին թափուած: Յետոյ միշտ կը տխրէի, թէ ինչու ճիշդ այնտեղ չպառկեցայ անոր կողքին: Յետոյ միշտ կը տխրէի…
Երբ «Ակօս»-էն դուրս կու գայինք, տեսայ, որ անոր արիւնը ջուր ու օճառով կը լուան: Կը փորձէին մաքրել: Կարծես թէ պիտի մաքրուի: Մի՞թէ թափուած արիւնը ջուրով ու օճառով կը մաքրուի: Աստծոյ խօսքը կ'ըսէ. «Եթէ մարդիկ լռեն ալ, արիւնն արդարութիւն կը փնտռէ»: Քանի դեռ արդարութիւնը չէ վերականգնուած, արիւնը չի լռեր: Երբեք չի լռեր: Ո՛չ հիմա, ո՛չ ապագային, ո՛չ ալ անցեալին, արիւնը… երբեք չի լռեր:
Կը յիշեմ, որ առաւօտեան տաս ու կէսին տունէն դուրս ելաւ: Ինչպէս միշտ` թէկուզ քիչ, բայց նախաճաշեց: Գացած ատեն քիչ մը անտրամադիր էր: Ինչ որ բանի մը մասին անվերջ կը մտածէր: Համբուրեցի ու ճանապարհեցի: «Մի՛ տխրիր, ըսի, այս մտածումները այնքան ալ կարեւոր չեն: Մինչեւ երեկոյեան վերադառնաս, կ'անցնին: Կարեւորը մեր գոյութիւնն է»: Այդպիսի ինչ որ բաներ ըսի: Նման բաներու մասին խօսեցանք:
Յետոյ ան աշխատանքի գնաց, ես ալ աղօթաժողով ունէի, այնտեղ գացի: Ժողովը աւարտեցաւ, ընկերներով նստած կը զրուցէինք: Մեր երիտասարդներէն մէկը ըսաւ. «Ռաքել քոյրիկ, մարդ ինչպէ՞ս ներէ մէկը, որուն չի կրնար ներել»: Ես ըսի. «Մենք պէտք է կարողանանք ներել, նոյնիսկ մարդասպանը: Յիսուս այդպէս կը պատուիրէ: Եթէ մենք կը հաւատանք Անոր խօսքին, եթէ կ'երթանք Անոր ետեւէն, ուրեմն պիտի ներենք առանց նախապայմաններու, քանի որ Ան այդպէս կը պատուիրէ»: Ես այդ զրոյցը երբեք չեմ մոռնար:
Ու ճիշդ այդ պահուն հեռախօսը զնգաց: Տղաս կ'ըսէր. «Մամա, ո՞ւր ես, աղօթէ՛»: Ձայնը կը դողար: Ըսի. «Տղաս, դո՛ւն ո՞ւր ես, մնացիր տեղդ, ես կու գամ»: Կարծեցի, թէ իրեն ինչ որ բան եղած է: «Բան չէ պատահած, մամ, - ըսաւ,- դուն աղօթէ՛»...
Ան հեռախօսը անջատեց: Սերան զանգեց. «Մա՛մ, պապան», ըսաւ: «Ես «Ակօս» կ'երթամ»,-ըսաւ: Ձայնը լացակումած էր: Ան անջատեց (այս ամէնը արագ-արագ իրարու կը յաջորդեն), քաղաքային հեռախօսը զանգեց: Տանտէրը վերցուց լսափողը: Գունատեցաւ:
Հիմա… մարդու հետ նման վիճակ կ'ըլլայ: Դուն միտքիդ ծայրէն բան մը կ'անցնես, բայց կը մերժես անիկա: Եթէ միտքդ ծագած այդ կասկածը բարձրաձայնես, կը ստացուի, որ դուն կ'ընդունիս անիկա, կը հաշտուիս անոր հետ: Չես ուզեր: Բայց «արդեօք», «տեսնես» նախաբանով շարք մը միտքեր կը խցկուին ուղեղդ...
Այս ամէնը հաւանաբար նաեւ այնտեղ գտնուող իմ ընկերներուն միտքէն կ'անցնէր, որովհետեւ անոնցմէ մէկը ուշաթափեցաւ: Ես անմիջապէս ապտակ մը հասցուցի անոր դէմքին. «Շո՛ւտ, ուշքի՛ եկուր, այս այն օրն է, երբ պէտք է շատ ուժեղ ըլլանք»: Կու լամ, ի հարկէ: «Մենք հիմա քեզմով զբաղի՞նք, թէ՞ ուժեղ ըլլալով: Ուշաթափիլ չկայ, թէ չէ մեր ուժը մեզմէ կը հեռանայ: Յիսուս ի՞նչ կ'ըսէ. «Ձեր տկարութեան պահուն Իմ ուժը ձեզի զօրավիգ պիտի ըլլայ»: Հիմա այդ օրն է: Վե՛ր ելիր, մտածենք, թէ ինչ պէտք է ընենք»: Ու մինչ անոր կենալու կոչ կ'ընէի, իմ ծունկերն ալ թուլցան: Եթէ ինքզինքիս վրայ ուժ չգործադրէի, փուլ կու գայի յատակին: Բայց այդ տողերը՝ «Երբ դուք անզօր ըլլաք, երբ այլեւս չկարողանաք բան մը ընել, Իմ զօրութիւնը ձեր մէջ կը տեսնէք», կայծակի պէս անցան միտքէս: «Ո՛վ Յիսուս. ըսի. այդպէս կ'ըսես: Հիմա այդ օրը եկած է: Ուրիշ ո՞ւր ուժդ պիտի դրսեւորուի»: Անմիջապէս վերարկուս հագայ՝ պատրաստուելով դուրս ելլելու տունէն: Ընկերներէս մէկը փէշիս փակեցաւ, թէ՝ անպայման քու հետդ պիտի գամ: Ես կ'ուզէի «Ակօս» երթալ: Ան կը համոզէր. «Չէ, անպայման ձեր տուն երթանք»: Ես փնթփնթալով կը քալեմ դէպի մեր տուն: Միտքէս կ'աղօթեմ: Բայց կարգին չեմ կրնար աղօթել: Ցնցուած մէջ եմ: Քալելով հասանք մեր տուն: Կը նայիմ մէկ կողմ, կը տեսնեմ, որ տագրերուս կանայքը գլուխնին կորսնցուցած մեր կողմ կու գան: Անոր մօրաքոյրը, միւս ընկերները, բոլորը մեր տուն կու գան:
Վատ լուրն առանց խօսքի ալ հասկնալի է: Բոլորը լսելնուն պէս ելած եկած են: Ոչ մէկը մտածած է, թէ ինքն ինչ վիճակի մէջ է, ինչ տեսք ունի: Այդ տեսարանն արդէն կը յուշէ, որ ինչ որ վատ բան տեղի ունեցած է:
Տուն բարձրացանք, պայուսակս մէկ կողմ նետեցի: Վերցուցի հեռախօսը: Դրան գանգը չի լռեր: Բայց ոչ ոք բան կը խօսի, հեռատեսիլն ալ չեն միացներ: Անունը չեն տար, բայց արդէն պարզ է: Ես ալ դեռ բան չեմ ըսած, բայց արդէն ամէն ինչ պարզ է: Ես կը հաւաքեմ թաքսի ծառայութեան հեռախօսահամարը, մինչ այդ երբեք անգիր չէի յիշեր նման համարները թիւերը: Մինչ կը փորձէի ինքնաշարժ պատուիրել, հեռախօսի մէջէն լսեցի Պելճիքա գտնուող եղբօրս ձայնը: «Միքայէլ, ըսի, ես թաքսիին կը զանգէի, դուն ուրկէ՞ յայտնուեցար»: «Քոյրիկ, դուն քեզի լա՛ւ նայիր, մենք արդէն կու գանք»,- ըսաւ: «Պայծառին ուշադի՛ր եղէք, անով զբաղեցէք»,- ըսի: «Միասին ենք, տոմսերը գնած ենք, միասին ալ կու գանք»,- պատասխանեց:
Հեռախօսն անջատեցի: Շփոթէն նորէն իր համարը հաւաքած էի: Արդէն պարզապէս կու լայինք հեռախօսի երկու կողմերը: Վերջապէս կարողացայ թաքսի կանչել: Տնեցիներուն վրայ կը գոռամ. «Ոչ ոք թող փորձէ զիս խանգարել: Ես «Ակօս» պիտի երթամ, եթէ որեւէ մէկը կ'ուզէ, կրնայ իմ հետս գալ»: Երկու ընկերուհիներուս հետ նստեցանք թաքսի: Ճանապարհը որեւէ կերպով չէր վերջանար:
Տեղ հասնելուն պէս տեսայ Սերան եւ Արարատը: Այնտեղ գրկեցի իրենց: Մարդը շատ տարօրինակ արարած է: Այդ պահուն մտածեցի, որ արդէն երեխաներուս վիզը ծուռ մնաց: Ճնշուած, անհայր ու կոտրուած թեւով մնացինք… Այսպիսի միտքեր պարուրեցին ուղեղս: Այդ միտքերով գրկեցի իրենց:
Երբ ես գացի, ամուսինս արդէն տարած էին: Միայն անոր արիւնը տեսայ մայթին թափուած: Յետոյ միշտ կը տխրէի, թէ ինչու ճիշդ այնտեղ չպառկեցայ անոր կողքին: Յետոյ միշտ կը տխրէի…
Երբ «Ակօս»-էն դուրս կու գայինք, տեսայ, որ անոր արիւնը ջուր ու օճառով կը լուան: Կը փորձէին մաքրել: Կարծես թէ պիտի մաքրուի: Մի՞թէ թափուած արիւնը ջուրով ու օճառով կը մաքրուի: Աստծոյ խօսքը կ'ըսէ. «Եթէ մարդիկ լռեն ալ, արիւնն արդարութիւն կը փնտռէ»: Քանի դեռ արդարութիւնը չէ վերականգնուած, արիւնը չի լռեր: Երբեք չի լռեր: Ո՛չ հիմա, ո՛չ ապագային, ո՛չ ալ անցեալին, արիւնը… երբեք չի լռեր:
Ռաքէլ Տինք
Քաղուած Թուպա Ջանտարի «Հրանդ» հատորէն։