image

Խուսափինք արդարութիւնը փառաբանելէ

Խուսափինք արդարութիւնը փառաբանելէ

Վեր­ջա­պէս միաս­տո­ւածա­յին բո­լոր կրօն­նե­րու հա­մար այ­պա­նելին ագա­հու­թիւնն է, այլ ոչ պա­հան­ջա­տիրու­թիւնը։ Ագա­հու­թիւնն է, որ մա­հացու մեղ­քե­րու շար­քէն կը հա­մարո­ւի։ Վե­րեւ նշո­ւած Սուրբ Գրա­յին բո­լոր խրատ­նե­րը ագա­հու­թեան դէմ են։ Իսկ Ալի Էր­պաշ իր խօս­քը կ՚ուղղէ ար­դար իրա­ւունքը պա­հան­ջող զան­գո­ւած­նե­րուն։ Եթէ խնդի­րը այս կող­մէն դի­տենք ան­վա­րան պի­տի ըսենք թէ ի տար­բե­րու­թիւն իր ծա­ռանե­րուն Յի­սուս Քրիս­տոս կամ Մու­համմէտ մար­գա­րէ եթէ մեր օրե­րուն ակա­նատես ըլ­լա­յին հե­ռու պի­տի մնա­յին հա­րուստը հարստաց­նող իշ­խա­նաւոր­նե­րէ եւ թե­ւան­ցուկ պի­տի պայ­քա­րէին ար­դար աշ­խա­տան­քի վար­ձատրու­թեան ալ ար­դար կեր­պով հա­տուցման հա­մար։ Այդ վար­ձատրու­թիւնը դրախ­տի խոս­տումնե­րով քա­րոզե­լը չի կրնար աս­տո­ւածա­հաճոյ առա­քելու­թիւն հա­մարո­ւիլ։

Այս պա­հուն կ՚ար­ժէ հարցնել, եթէ Աս­տուծոյ հա­մար աղ­քատնե­րը նա­խապա­տիւ են, հա­պա դուք ին­չո՞ւ հա­րուստնե­րու եւ անոնց թա­գաւո­րու­թեան փո­ղը կը հնչեց­նէք։

 

 

Նոր Տարո­ւան ու Ծննդին յօ­դուա­ծը գրե­լու հա­մար սկսած ենք մտմտա­լու։ Չեմ կրցած ձեր­բա­զատո­ւիլ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քի Սուրբ Ծննդեան պատ­գա­մի տե­ղի տո­ւած մտա­ծումնե­րէն։

Սրբա­զան Պատ­րիար­քը 2024-ի Ծննդեան պատ­գա­մին մէջ հա­սարա­կու­թիւնը կը հրա­ւիրէր հա­մես­տութեան։ Այս ընե­լու պա­հուն զա­նազան մէջ­բե­րումներ կը կա­տարէր հայ­կա­կան եւ մա­նաւանդ ալ քրիս­տո­նէական գրա­կանու­թեան ըն­տիր էջե­րէն։ Մա­թէոսի, Մար­կո­սի, Փի­լիպո­սի կող­քին Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի տա­ղերէն մէջ­բե­րումնե­րով կը հարստաց­նէր իր միտ­քը եւ Յի­սու­սիս ծննդեան եւ մկրտու­թեան խոր­հուրդին մէջ դուրս կը բե­րէր խո­նար­հութեան ու հե­զու­թեան բա­զում երե­ւոյթներ։

Ինք իր մէջ խիստ պատ­շաճ շա­րադ­րութիւն մըն է Պատ­րիարք Սրբա­զանի Սուրբ Ծննդեան պատ­գա­մը։ Ան իր քրիս­տո­սավա­յել ար­ձա­գան­գը կը գտնէ բո­լոր հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րուն մէջ։ Սա­կայն երբ այս տո­ղերը կը կար­դանք Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քի գրի­չէն, ակա­մայ կը տա­րուինք յի­շել երկրի Կրօ­նից Տե­սու­չի վեր­ջերս յա­ճախա­կի դար­ձած պատ­գամնե­րը։ Ալի Էր­պաշ ալ խօս­քը ուղղե­լով երկրի ար­քատ հա­սարա­կու­թեան, կը հա­ւաս­տիաց­նէ թէ անոնք Աս­տուծոյ աւե­լի սի­րելի ծա­ռանե­րէն են, եւ Երկնա­ւոր կեան­քի փառ­քե­րը շատ աւե­լի շռայ­լօ­րէն պի­տի մա­տու­ցո­ւի իրենց ան­դե­նական եր­թա­լէ ետք։

Սղա­ճի զգլխե­ցու­ցիչ հա­մեմա­տու­թիւննե­րու հա­սած պայ­մաննե­րու տակ Կրօ­նից Տե­սու­չի խօս­քը խաբ­կանքի կա­տարեալ տպա­ւորու­թիւն կը գոր­ծէ։ Մա­նաւանդ ան այս բա­նը ընե­լու պա­հուն իր կող­քին չու­նի հո­գեւոր գրա­կանու­թեան այդ ըն­տիր նմոյշնե­րը, որոնք ի սկզբա­նէ շնոր­հո­ւած են Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր։

Խնդի­րը ար­դար աշ­խա­տան­քի վար­ձատրու­թեան դէմ իշ­խա­նու­թեան դժկա­մու­թիւնն է։ Մէկ կողմ կու­տա­կուած են իրենց ու­նե­ցուած­քը բազ­մա­պատ­կող դրա­մատէ­րերը եւ անոնց դի­մաց ալ աշ­խա­տու­ժի վար­ձատրու­թեամբ օրա­պահի­կը հայ­թայթող ամ­բոխնե­րը։ Ըն­կե­րատնտե­սական հա­մակար­գը ընդմիշտ կը գոր­ծէ հա­րուստնե­րը ալ աւե­լի հարստաց­նե­լու եւ աղ­քատներն ալ ալ աւե­լի սնան­կացնե­լու հա­մար սար­քո­ւած մե­քենա­կանու­թեամբ։

Եթէ ապ­րուստը աշ­խա­տան­քով ապա­հովող­նե­րու դի­մաց աղ­քա­տու­թեան, խո­նար­հութեան, հե­զու­թեան բար­քը հիւ­սէք, նոյնիսկ ամե­նապատ­շաճ շա­րադ­րութիւննե­րը տհաճ կը ստա­ցուի։

Վեր­ջա­պէս միաս­տո­ւածա­յին բո­լոր կրօն­նե­րու հա­մար այ­պա­նելին ագա­հու­թիւնն է, այլ ոչ պա­հան­ջա­տիրու­թիւնը։ Ագա­հու­թիւնն է, որ մա­հացու մեղ­քե­րու շար­քէն կը հա­մարո­ւի։ Վե­րեւ նշո­ւած Սուրբ Գրա­յին բո­լոր խրատ­նե­րը ագա­հու­թեան դէմ են։ Իսկ Ալի Էր­պաշ իր խօս­քը կ՚ուղղէ ար­դար իրա­ւունքը պա­հան­ջող զան­գո­ւած­նե­րուն։ Եթէ խնդի­րը այս կող­մէն դի­տենք ան­վա­րան պի­տի ըսենք թէ ի տար­բե­րու­թիւն իր ծա­ռանե­րուն Յի­սուս Քրիս­տոս կամ Մու­համմէտ մար­գա­րէ եթէ մեր օրե­րուն ակա­նատես ըլ­լա­յին հե­ռու պի­տի մնա­յին հա­րուստը հարստաց­նող իշ­խա­նաւոր­նե­րէ եւ թե­ւան­ցուկ պի­տի պայ­քա­րէին ար­դար աշ­խա­տան­քի վար­ձատրու­թեան ալ ար­դար կեր­պով հա­տուցման հա­մար։ Այդ վար­ձատրու­թիւնը դրախ­տի խոս­տումնե­րով քա­րոզե­լը չի կրնար աս­տո­ւածա­հաճոյ առա­քելու­թիւն հա­մարո­ւիլ։

Այս պա­հուն կ՚ար­ժէ հարցնել, եթէ Աս­տուծոյ հա­մար աղ­քատնե­րը նա­խապա­տիւ են, հա­պա դուք ին­չո՞ւ հա­րուստնե­րու եւ անոնց թա­գաւո­րու­թեան փո­ղը կը հնչեց­նէք։

Բագրատ Էսդուգեան

Նիւթը՝ «Ակօս»էն