Սուրիոյ դէմ Եւրոմիութեան պատժամիջոցներու մեղմացումը պիտի վերաբերի փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ դրամատնային ոլորտին:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալասը Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստի մեկնարկէն առաջ։
«Այսօր մենք անմիջապէս պիտի սկսինք չեղարկել Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները. այդ պիտի վերաբերի փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ դրամատնային ոլորտին», -ըսած է ան։