image

«Քաղաքացիական պատերազմի սեմին ենք». Իսրայէլի նախագահը ահազանգ կը հնչեցնէ

«Քաղաքացիական պատերազմի սեմին ենք». Իսրայէլի նախագահը ահազանգ կը հնչեցնէ

Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ յայտարարած է, որ երկրին մէջ դատական բարեփոխումներուն շուրջ կատաղի պայքարը Իսրայէլը հասցուցած է «քաղաքացիական պատերազմի շեմին»: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:

«Իւրաքանչիւր անձ, որ կը կարծէ, թէ մարդկային կորուստներով իրական քաղաքացիական պատերազմը այն գիծն է, որուն մենք երբեք չենք կրնար հասնիլ, չի պատկերացներ, թէ ինչի՛ մասին կը խօսի: Անդունդը ձեռքով դպչելու հեռաւորութեան վրայ է», ըսած է Հերցոկ:

«Ճիշդ հիմա` Իսրայէլի պետութեան անկախութեան 75-րդ տարուան մէջ, մենք անդունդին ձեռքով դպչելու հեռաւորութեան վրայ ենք», զգուշացուցած է նախագահը:

Ան առաջարկած է շարք մը փոփոխութիւններ կատարել վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի առաջարկած դատաիրաւական բարեփոխումներուն վրայ: Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները ողջունած են Հերցոկի նախաձեռնութիւնը, սակայն Նեթանիահու մերժած է նախագահի ծրագիրը:

«Այն, ինչ որ նախագահը կ՛առաջարկէ, համախոհական կառավարութեան մէջ անոնց շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած, եւ առաջարկի կեդրոնական տարրերը, որոնք ան հնչեցուցած է, պարզապէս կը յաւերժացնեն գոյութիւն ունեցող կացութիւնը: Ատիկա տխուր ճշմարտութիւն է», ըսած է Նեթանիահու:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն