image

Պըն Լատէնի 39-Ամեայ Թիկնապահը Րիատ Արտաքսուեցաւ

Պըն Լատէնի  39-Ամեայ Թիկնապահը   Րիատ  Արտաքսուեցաւ

 Սէուտական  Արաբիա- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)  «Ալ Քահիտա»     ահաբեկչական խմբաւորման  սպաննուած առաջնորդ Ուսամա Պըն Լատէնի  թիկնապահը  Սէուտական Արաբիա   արտաքսուած է: Այս մասին կը գրէ «Ալ Հայաթ»ը, որ նաեւ կը նշէ, որ 2001-էն իbվեր  ամերիկեան Կուանթանամո բանտին մէջ արգելափակուած    Ապտըլ Րահման Ալ Շալապի     արտաքսուած է դէպի իր ծննդավայարը:  «Փէնթակոն»ի  բանբերը Փիթեր  Քուք այս մասին խօսելով   ըսած է, որ 39  տարեկան Ալ Շալապի յետ այսու վտանգ չի հանդիսանար ամերիկայի անվտանգութեան եւ այդ պատճառով յարմար նկատուած է զինք արտաքսել: Նշենք, որ  Փաքիստանի գաղտնի սպասրկութիւններուն կողմէ ձերբակալուած Ալ Շալապի քանիցս   հացադուլ   ըրած  է:  2001-էն ի վեր     բանտարկուած   Ալ Շալապիի արտաքսումով «Կուանթանամո» բանտին մէջ    եղող   ծայրայեղականներուն թիւը կը դառնայ 114:  Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա քանիցս յայտատարած է, թէ պիտի փակէ  «Կուանթանամո»ի   բանտը: