image
Հրատապ լուրեր:

Մալիի մէջ ահաբեկչութիւն. Զոհերու թիւը անցած է 100 -ը

Մալիի մէջ ահաբեկչութիւն. Զոհերու թիւը անցած է 100 -ը

23 Մարտին Մալիի կեդրոնական մասի բնակելի շրջաններէն մէկուն մէջ զինուած յարձակման հետեւանքով ֆուլպէ ցեղի առնուազն 134 ներկայացուցիչ զոհուած է, կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը: Աւելի վաղ հաղորդուած էր 110 զոհի մասին: Զոհերու շարքին կան յղի կիներ, երեխաներ եւ մեծահասակ:

Որոշ լրատուամիջոցներու պնդմամբ՝ յարձակման կազմակերպիչները տոկոն ցեղի ներկայացուցիչներն են: Սա վերջին տարիներու ամենաարիւնահեղ յարձակումներէն մէկն է, որ տեղի ունեցած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի պատուիրակութեան՝ Մալիի մէջ գտնուելու ժամանակ: 

Պատիրակութեան այցի նպատակը անցած տարի երկրին մէջ հարիւրաւոր մարդոց կեանք խլած եւ Արեւմտեան Ափրիկէի Սահէլ շրջանին մէջ տարածուող բռնութիւններու ալիքը դադրեցնելու միջոցներ փնտռելը եղած է:  

Պատուիրակութեան անդամները դատապարտած են յարձակումը եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած զոհերու յիշատակը: