image

Պորէլէն զգուշացում. Աշխարհի մէջ մեծ սովի վտա՞նգ

Պորէլէն  զգուշացում. Աշխարհի մէջ մեծ սովի վտա՞նգ

Պատերազմի հետեւանքները շատ վտանգաւոր կը դառնան ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլեւ ամբողջ աշխարհին համար: Մենք կը կրկնենք եւ կրկին պէտք է զգուշացնենք համաշխարհային մեծ սովի վտանգի մասին, յատկապէս Ափրիկէի մէջ: Եւ պատերազմը կը յառաջացնէ թանկացող գիներ եւ ուժանիւթի եւ սնունդի պակաս: 

«Մենք կ'աջակցինք ՄԱԿ-ի ջանքերուն` արգելակելու Ուքրանիայէն արտահանումը, եւ ես կ'ուզեմ պնդել, որ եւրոպական պատժամիջոցները չեն ստեղծեր այս ճգնաժամը: Մեր պատժամիջոցները ուղղուած չեն սնունդին, անոնք պարարտանիւթերուն չեն ուղղուած: ¬Իւրաքանչիւր ոք, որ կը փափաքի գնել ռուսական սնունդ եւ պարարտանիւթ, կրնայ այդ ընել` առանց խոչընդոտներու:  Միլիոնաւոր թոն ցորենը արգելափակուած է, եւ միլիոնաւոր մարդիկ չեն կրնար ուտել այս ցորենը: Այսպիսով, պատերազմը ողբերգական հետեւանքներ կ'ունենայ ամբողջ աշխարհին համար: Մենք կոչ կ'ընենք Ռուսիոյ ապաշրջափակելու նաւահանգիստները եւ բաց թողելու այդ ապրանքները», ըսած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեֆ Պորէլը: