Սա կը նշանակէ, որ Կազայի վրայ նետուած ռումբերը կը գերազանցեն Հերոշիմայի վրայ նետուածինը, նշելով, որ Ճաբոնի տարածքը կը կազմէ 900 քառակուսի քիլոմեթր, մինչդեռ Կազայի տարածքը չի գերազանցեր 360 քառակուսի քիլոմեթրը։
Եւրո-Միջերկրականեան կեդրոնը յայտնած է, որ Իսրայէլ կ՚օգտագործէ հսկայական կործանարար ուժ ունեցող ռումբեր, որոնց կշիռը 150 քկ-էն մինչև 1000 քկ է՝ մատնանշելով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար՝ Եոաւ Կալանթի յայտարարութեան, որ միայն Կազա քաղաքին (տարածք՝ 56 քմ. քառ.) վրայ նետուած է աւելի քան 10,000 ռումբ:
Երկրաբան փորձագէտը կը հաստատէ՝ ռումբերը, որոնք Կազան կը հարուածեն երկրաշարժի կամ արդիւնաբերական պայթիւններու հզօրութիւնը չունին, սակայն անոնք կրնան երկրակեղեւին կամ հողին մէջ աղաւաղումներ յառաջացնել:
Կազայի հակամարտութիւնն ու դաժան ռմբակոծումը կը թեւակոխէ իր երկրորդ ամիսը, եւ հոլանտացի սէյզսոլոկ Ֆրէնք Հուկըրպիթսը նախազգուշացուցած է ռումբերու քանակէն, որոնցմով Իսրայէլը կը ռմբակոծէ Կազան։ Ան մասնաւորապէս ըսած է, որ ծանր հրթիռակոծութիւնները կրնան հզօր երկրաշարժ յառաջացնել տարածաշրջանին մէջ։ Ան «X» հարթակին վրայ մասնաւորապէս գրած է՝ «Աշխարհը պէտք է ստիպէ Իսրայէլին դադրեցնել այս խելագարութիւնը: Բացի պաղեստինցիներուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութենէն, այս ռմբակոծումը մեծ սէյսմիկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանին մէջ, որ իր կարգին պիտի արագացնէ մեծ երկրաշարժը Մեռեալ ծովի երկայնքին»:
Մեկնաբանելով այս նախազգուշացումը, դոկտոր Ահմէտ Ալ-Մահմուտին, Մանսուրայի համալսարանի երկրաբանութեան կաճառի կիրառական երկրաբնագիտութեան դասախօսը ըսած է, որ կան արդիւնաբերական ռումբեր, որոնք նոյնքան ուժգին են, որքան երկրաշարժը եւ կ՚օգտագործուին որոշ մեծ տէրութիւններու կողմէ եւ երկրաշարժի պէս աւերիչ են են։
Ան «Al-Arabiya.net»ին եւ «Al-Hadath.net»ին խօսելով, ան ըսած է, թէ ռումբերը, որոնք Կազան կը հարուածեն երկրաշարժի կամ արդիւնաբերական պայթիւններու հզօրութիւնը չունին, սակայն անոնք կրնան երկրակեղեւին կամ հողին մէջ աղաւաղումներ յառաջացնել:
Ազդեցութիւնը՝ հողին եւ շէնքերուն վրայ
Եգիպտացի գիտնականը նաեւ ըսած է, որ իսրայէլական ռումբերու ազդեցութիւն կը սահմանափակուի միայն հողի եւ շէնքերու քանդումով, սակայն ապագային դժուար թէ երկրաշարժ յառաջացնէ, քանի որ «երկրաշարժը տեղի կ՚ունենայ թէքթոնային շերտերու շարժման հետեւանքով, որոնք դուրս կու տան մեծ ուժականութիւն, որ գետնին տակ կուտակուած է հազարաւոր տարիներէ իվեր, եւ այդ ուժականութիւնը դուրս կու գայ երկրի խորքէն, որպէս ազատում։ Ռումբերը եւ այլ աւերիչ զէնքերը չեն ազդեր երկրի ներքին հատուածին կամ թէքթոնային շերտերու շարժման վրայ»։
Մի քանի օր առաջ, Եւրո-միջերկրականեան մարդու իրաւունքներու դիտորդական խումբը յայտնած է, որ Իսրայէլը, 7 հոկտեմբերէն սկսած իր հակահարուածներու լայնածաւալ պատերազմի ընթացքին, աւելի քան 25 հազար թոն ռումբ նետած է Կազայի վրայ, որ համարժէք է երկու միջուկային ռումբի:
Ժընեւի մէջ տեղակայուած Եւրո-միջերկրականեան դիտորդական խումբը կարեւորած է իսրայէլական բանակի խոստովանութիւնը, որ իր ինքնաթիռները հարուածած են Կազայի աւելի քան 12,000 թիրախներ՝ անցնելով ռումբերու թիւի մրցանիշը։ Իւրաքանչիւր քաղաքացիի բաժինը գերազանցած է 10 քիլոկրամ պայթուցիկը:
Կազայի ռումբերը աւելի հզօր են, քան Հերոշիմայի միջուկային ռումբը
Աղբիւրը նախազգուշացուցած է, որ 1945 թուականի օգոստոսին, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Ճաբոնի Հերոշիմայի եւ Նաքազաքիի վրայ, ԱՄՆ-ի կողմէ նետուած միջուկային ռումբի ծանրութիւնը մօտ 15 հազար թոն էր:
Ռումբերու արդիւնաւէտութեան զարգացումով, եւ անոնց քանակի հաստատումով, Կազայի վրայ արձակուած ռումբերու քանակը, միջուկային ռումբի (ծանօթ է որպէս «RDX») կրկնապատիկն էր: Բացի աստի, Իսրայէլը միտումնաւոր կերպով կ՚օգտագործէ խառնուրդ մը, որուն ուժը համարժէք է «Թի Էն Թի»ի 1,34 կշիռքին:
Սա կը նշանակէ, որ Կազայի վրայ նետուած ռումբերը կը գերազանցեն Հերոշիմայի վրայ նետուածինը, նշելով, որ Ճաբոնի տարածքը կը կազմէ 900 քառակուսի քիլոմեթր, մինչդեռ Կազայի տարածքը չի գերազանցեր 360 քառակուսի քիլոմեթրը։
Եւրո-Միջերկրականեան կեդրոնը յայտնած է, որ Իսրայէլ կ՚օգտագործէ հսկայական կործանարար ուժ ունեցող ռումբեր, որոնց կշիռը 150 քկ-էն մինչև 1000 քկ է՝ մատնանշելով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար՝ Եոաւ Կալանթի յայտարարութեան, որ միայն Կազա քաղաքին (տարածք՝ 56 քմ. քառ.) վրայ նետուած է աւելի քան 10,000 ռումբ: