image
Հրատապ լուրեր:

Հացահատիկներու շտեմարանները սկսած են թեքիլ. Պէյրութի մէջ փլուզման վտա՞նգ

Հացահատիկներու շտեմարանները սկսած են թեքիլ. Պէյրութի մէջ փլուզման վտա՞նգ

«Ազդեցութիւնը կարճատեւ պիտի ըլլայ։ Անոր շուրջը գտնուող բնակչութիւնը պիտի նեղանայ առաջացած փոշիէն: Բազմաթիւ են տեսութիւնները, անոնցմէ մէկն է, որ շտեմարաններուն մէջ մնացած ցորենի մնացորդները, որոնք վստահ բորբոսնած են, քանդումին հետ պիտի տարածուին օդին մէջ 500-էն 700 մեթր շառաւիղով: Վտանգի գոյութիւնը հաւանական է, բայց պարտադիր չէ»:  Աֆիֆ շարունակած է թէ «Թոքերու քաղցկեղի վտանգը կ'աւելնայ, իսկ ամէնէն վտանգուած շրջանները պիտի ըլլան, Ժմայզէն, Մար Մըխայէլն ու Մար Նիքոլայի սկզբնաւորութիւնը: Քարանթինան, սակայն սկզբունքօրէն պիտի չազդուի»:

 

Լիբանանի 4 Օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը իր աղէտալի հետեւանքները ձգած է նաեւ այնտեղ գտնուող հացահատիկներու շտեմարաններուն վրայ:  Զոյգ  շտեմարաններու  հսկայական կառոյցներըը  կրցած էին տոկալ պայթումին, սակայն ժամանակի ընթացքին սկսած են թեքուիլ:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ  Lebanon 24 կայքէն: 

Աղբիւրը մէջբերած է Նաուալ Մասըրի յօդուածը, որ անցեալ Հոկտեմբերին հրապարակուած էր «Նիտա Ալ Ուաթան» թերթին մէջ, ուր նշած էր, թէ ֆրանսացի փորձագէտ՝ Էմանուէլ Տորան զգուշացուցած է լիբանանեան պատկան մարմինները ու Տնտեսութեան նախարարութիւնը թէ հացահատիկնրու շտմարաններուն հիւսիսային մասնաբաժինը թեքուած է մօտաւորապէս 7 սմ. անցեալ Յուլիսէն ի վեր, եւ  մտավախութիւններ կան, որ անոնք  փուլ  գան  մինչեւ տարեվերջ։ 

Պայթումի հետազօտութեամբ զբաղող դատախազ Թարէք Պիթար  այս առումով ալ  յայտատարութիւն մը  կատարած է  ըսելով,  թէ նկատի առնելով կառոյցի ներկայ վիճակը,  եւ  հաշուի առնելով, որ կառոյցը օրական 2 սմ թեքում կ'արձանագրէ, եւ անոր յանկարծակի փլուզումը կրնայ աղէտ պատճառել, 11 Մարտի նախարարական նիստին, օրակարգ դրուած է որոշում կայացնել զայն քանդելու:

Իր հերթին Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Գիտութեանց ճիւղի տարրաբանութեան ամպիոնի վարիչ, դոկտ. Շարպէլ Աֆիֆ յաճախակի չափելով օդի ապականածութիւնը, քննարկած է փլուզումի հետեւանքները օդին վրայ եւ ըսած, «Ազդեցութիւնը կարճատեւ պիտի ըլլայ։ Անոր շուրջը գտնուող բնակչութիւնը պիտի նեղանայ առաջացած փոշիէն: Բազմաթիւ են տեսութիւնները, անոնցմէ մէկն է, որ շտեմարաններուն մէջ մնացած ցորենի մնացորդները, որոնք վստահ բորբոսնած են, քանդումին հետ պիտի տարածուին օդին մէջ 500-էն 700 մեթր շառաւիղով: Վտանգի գոյութիւնը հաւանական է, բայց պարտադիր չէ»:  Աֆիֆ շարունակած է թէ «Թոքերու քաղցկեղի վտանգը կ'աւելնայ, իսկ ամէնէն վտանգուած շրջանները պիտի ըլլան, Ժմայզէն, Մար Մըխայէլն ու Մար Նիքոլայի սկզբնաւորութիւնը: Քարանթինան, սակայն սկզբունքօրէն պիտի չազդուի»: Դոկտ. Աֆիֆ նաեւ յիշեցուցած է, որ կառոյցները պարպուած են եւ հացահատիկները հեռացուած են, որոնք անշուշտ պիտանի չէին, սակայն խօսքը կը վերաբերի պատերուն վրայ կպած բաժնին: 

Ըստ տուեալներուն, Պէյրութի եւ ի մասնաւոր Ժմայզէի  եւ Մար Մխայէլի բնակչութիւնը երկու վտանգի ընդառաջ է: Առաջինը՝ կառոյցներուն անսպասելի փլուզումը իսկ երկրորդը՝ դիտաւորեալ քանդումէն ետք թունաւոր փոշիներու տարածումը:    

Աղբիւրը նշած է, որ եթէ կառոյցը յանկարծ փուլ գայ, պատճառը հերթական «պաշտօնական» անհոգութիւնը պիտի ըլլայ, եւ թերեւս նոր զոհեր արձանագրուին: Բայց եթէ պետութեան որոշումով քանդուեցաւ, հարկաւոր է շրջակայ բնակչութիւնը զգուշանայ, մարդիկ իրենց բնակարանները մնան, փակեն պատուհաններն ու դռները մինչեւ օդին մէջ տարածուած վնասակար նիւթերը անցնին, որ կրնայ քանի մը ժամ տեւել, ապա լուալ  պատուհաններն ու պատշգամները ջուրով, որպէսզի հեռացնեն վրան նստած փոշին։ Դոկտ. Աֆիֆ պատասխանած է նաեւ մէկ այլ հարցի, փլատակներու կոյտերէն առաջացած asbestos նիւթի վտանգի վերաբերալ, ան ըսած է, թէ տակաւին ապացուցուած չէ եթէ այդ նիւթը օգտագործուած է շտեմարաններու կառուցման մէջ: 

Ի դէպ, օդի ապականութեան հարցերու փորձագէտ, տարրաբանութեան փրոֆեսոր՝ Նաժաթ Սալիպան բարձրաձայնած է, թէ այս հացահատիկներու կառոյցներու նիւթը տարիէ մը աւելի է քննարկման ենթակայ է, եւ բազմիցս խնդրած են իշխանութիւններէն  զբաղիլ ցորենի մնացորդացին հետ, հիւանդութիւններու եւ առողջական խնդիրներու տեղիք չտալու համար, սակայն  պատասխանը միշտ եղած է, որ «Մենք կ'ուսումնասիրենք հարցը»։ Փրոֆեսոր Սալիպա շարունակած է, թէ պայթումէն ետք հողէն նմոյշներ վերցուցած ու զննած են զանոնք, եւ չէ հաստատուած թունաւոր նիւթի գոյութիւն:  Իսկ ինչ կը վերաբերի օդի ապականածութեան մասին, ան ըսած է, թէ պայթումին  յաջորդող առաջին երեք ամիսներու ընթացքին ապականածութեան մակարդակը բարձր եղած է, բայց յետագային վերադարձած է իր նախկինին: