Պոլսոյ մէջ հրապարակուող «Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝
Շաբաթ օր, 23 Մարտին, Թուրքիոյ պատմական շինութիւններու պահպանութեան միութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ միջոցառում մը, ուր օրուան բանախօսն էր մեր համայնքէն Հանրիէթ Պաշօղլու։ Ան ծանօթ է ոչ-մահմետականներուն պատկանող պատմական շինութիւններու մասին իր յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով։
![]()
Շաբաթ օրուայ ձեռնարկի ընթացքին Պաշօղլուի բանախօսութիւնը Պէպէքի Գաւաֆեան առանձնատան մասին էր։ Փայտաշէն այս առանձնատունը կառուցուած է 1751ին եւ կը նկատուի Իսթանպուլի ամէնէն հին փայտէ շինութիւնը, որ մինչեւ այսօր պահպանուած է սկզբնական դիմագծութեամբ։
Հանրիէթ Պաշօղլու իր ունեցած հարուստ տեղեկութիւնները բաժնեց ներկաներուն հետ, անդրադարձաւ Պէպէք թաղամասի պատմութեան, Գաւաֆեան առանձնատան ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն, Գաւաֆեաններու ընտանիքին ու այդ ընտանիքի կարեւոր դէմքերուն։
Հանդիպման մասնակիցները առիթ ունեցան նաեւ հարցումներ ուղղելու բանախօսին եւ ստանալու սպառիչ պատասխաններ։
Լուսանկարին մէջ հաւաքոյթի կազմակերպիչ, Թուրքիոյ պատմական կառոյցներու պահպանութեան միութեան նախագահ, ճարտարապետ Ուղուր Տէնիզ Սէօքմէն եւ Հանրիէթ Պաշօղլու։