image

Պոլսոյ մէջ. Պէզճեան վարժարանի սանուց միութեան խումբը դարձեալ կը փայլի

Պոլսոյ մէջ. Պէզճեան վարժարանի սանուց միութեան խումբը դարձեալ կը փայլի

Օրերս Պոլսոյ մէջ կայացած է միջմիութենական պասքէթպոլի  մրցաշարք մը, որուն աւարտին ալ, ինչպէս անցնող տարիներուն այս տարի ալ Պէզճեան վարժարանի սանուց միութեան խումբը գրաւած է առաջին դիրքը։

Համայնքային շրաջանակներուն համար որոշակի խանդավառութիւն ստեղծած այս մրցաշարքին մասին «Արեւելք» իմացաւ «Նոր Մարմարա»էն, որ ի մասնաւորի կը գրէ՝

Պասքէթպոլի «Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական 31րդ մրցաշարքը իր աւարտին հասաւ երէկ կայացած զոյգ մրցումներով։ Կարգադիր Յանձնախումբը բացի խաղերէն, ուշագրաւ յայտագիր մը գործադրելով մարզական տօն մը պարգեւեց այս մարզաձեւի սիրահարներուն։ Յայտագիրը սկսաւ յետմիջօրէի ժամերուն։ Նախ կայացաւ վեթերաններու մրցումը, յաջորդեց երրորդութեան համար խաղը, ուր յամառ պայքարի մթնոլորտին մէջ մրցեցան Մխիթարեան եւ Սահակեան Սանուց Միութիւններու խումբերը։ Հոս յաղթական ելան Սահակեանցիները՝ 54-43 արդիւնքով։

Աւարտական մրցումը Պոմոնթի եւ Պէզճեան Սանուց Միութիւններու խումբերուն միջեւ էր։ Այս խաղը վերջացաւ պէզճեանցիներու մեծ առաւելութեամբ ու 64-49 արդիւնքով։ Հետաքրքրական է որ Պէզճեանի խումբը չորրորդ տարին անընդմէջ լաւագոյնը հռչակուեցաւ, տիրանալով ախոյեանի կոչումին։ Յատուկ մրցանակներ յանձնուեցան նաեւ նիշերու «ախոյեան»ին։ 

Կը շնորհաւորենք յաղթող խումբն ու մասնակից միւս խումբերը։