image

Պոլսոյ մէջ. Հայկական թարգմանչաց վարժարանի սաները իրենց ճատրակի հաւաքածոն յանձնած են երկրի ճատրակի թանգարանին (Լուսանկար)

Պոլսոյ մէջ.  Հայկական թարգմանչաց վարժարանի սաները իրենց ճատրակի հաւաքածոն յանձնած են երկրի ճատրակի թանգարանին (Լուսանկար)

Ուշագրաւ քայլով մը եւ Պոլսոյ Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վարժարանի սաները իրենց ճատրակի հաւաքածոն նուիրած են Պոլսոյ Ճատրակի պետական թանգարանին։

Այս  մասին լուրը կարդացինք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք  զայն մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի սաները յաճախ կը մասնակցին ճատրակի միջվարժարանային կամ անհատական մրցաշարքերու։ Այս աշակերտներէն բաղկացեալ խումբը 9 Մարտին Անգարա գնաց եւ այցելեց Իսթանպուլի ճատրակի թանգարան։ Աշակերտները հոն գացին իրենց տնօրէնուհի Տիրուհի Պէրինի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոխտնօրէնուհի Արեւ Փէքմելիքեանի, միջնակարգի բաժնի համակարգող Լիզա Չոլաքօղլուի, ճատրակի եւ գծագրութեան ուսուցիչներ Սարվէն Չաքմաքի ու Կարին Գաթըքէօյի առաջնորդութեամբ։

Ճատրակի «Կէօքեայ» թանգարան այցելութիւնը նշանակալից դարձաւ կարեւոր իրագործումով մը։ Աշակերտները թանգարանին նուիրեցին ճատրակի հաւաքածոյ մը, զոր ծրագրուած եւ պատրաստուած է 2021 թուականին եւ արժանացած՝ ամենաստեղծագործ ծրագրաւորման մրցանակին։ Այդ թուականին Արաս Տէլիճէի տնօրէնութեան շրջանին, գծագրութեան ու ճատրակի ուսուցիչներու կազմակերպութեամբ կայացած էր «Զատիկ» կարգախօսով ճատրակի հաւաքածոյ պատրաստելու միջվարժարանային մրցում մը. թարգմանչացցի աշակերտներու պատրաստած ճատրակի հաւաքածոն ամէնէն ստեղծագործականը նկատուած էր, արժանանալով առաջնութեան։ Ահաւասիկ այժմ այդ հաւաքածոն «Կէօքեայ» թանգարանին պահպանութեան յանձնուած է։ 

Բացի ճատրակի թանգարանէն, աշակերտները այցելեցին նաեւ Աթաթիւրքի յուշադամբան եւ «Բառ»ի թանգարան։