image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Համայնքային գործիչ՝ Եդեսիա Թըրթըրի կորուստը

Պոլսոյ մէջ. Համայնքային գործիչ՝ Եդեսիա Թըրթըրի  կորուստը

Պոլսոյ մէջ մահկանացուն կնքած է համայնքային կեանքի երէց, գործօն անդամներէն, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Բ. Ատենապետ Եդեսիա Թըրթըրը։

Տխուր լուրին մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  հանգուցեալին մասին ներկայացուած հակիրճ մահագրականը։

2024ին գրեթէ ամէն Երկուշաբթի գէշ լուրերով սկսանք նոր շաբթուան։ Որպէս համայնք, որպէս ժողովուրդ ապրեցանք տերեւաթափ մը, ապրելով բազմաթիւ կորուստներու ցաւը։

Այսօր կը բօթենք Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Բ. Ատենապետ Եդեսիա Թըրթըրի մահը։ Գարակէօզեան Տան ընտանիքը Շաբաթ օր այս տխուր լուրը բաժնեց համայնքին հետ, հաղորդելով որ ան միջոցէ մը ի վեր դարմանումի տակ կը գտնուէր։

Եդեսիա Թըրթըր ծնած էր 1948ին։ Ուսում ստացած էր Վառվառեան ու Կեդրոնական վարժարաններու մէջ, յետոյ ընդունուած էր Եըլտըզ Թեքնիք համալսարան եւ հոնկէ վկայուած էր որպէս ելեկտրական ճարտարագէտ։

Երկար տարիներէ ի վեր համայնքային կեանքի գործօն անդամներէն մէկն էր, մաս կազմած էր զանազան յանձնախումբերու, մի՛շտ աշխատելով ի շահ համայնքին։

Կը բաժնենք ընտանիքի եւ մերձաւորներու, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան վիշտը։