Օրերս, Պոլսոյ համայնքային շրջանակներուն կողմէ յարգանքի արժանացած Գրիգոր Տէօշէմէճեան Կալաթասարայի ընտանիքին կողմէ մեծ պատիւի արժանացած է՝ անոր շնորհուած է Կալաթասարայի ծառայութեան մրցանակը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Կալաթասարայ լիսէին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու տարեկան աւանդական հաւաքը։ Հարուստ աւանդութիւններով այս կրթօճախի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները զիրար վերագտան բացառիկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Կալաթասարայցիներու «Փիլաւի օր»ը այս տարի յատկանշական իրադարձութեան մը վերածուեցաւ նաեւ պոլսահայութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, համայնքային շրջանակներուն կողմէ համատարած յարգանքի եւ անսահման սիրոյ արժանացած, բազմաթիւ ոլորտներու մէջ հեղինակութիւն դասուած Գրիգոր Տէօշէմէճեան երէկուան հաւաքի ընթացքին Կալաթասարայի ընտանիքին կողմէ մեծ պատիւի մը առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, լիսէի պատմական «Թեվֆիք Ֆիքրէթ» սրահին մէջ իրեն շնորհուեցաւ Կալաթասարայի ծառայութեան մրցանակը։
«Կալաթասարայի ի նպաստ ծառայութեան մրցանակ»ի 2024 թուականի երեք դափնեկիրներէն մին եղաւ Գրիգոր Տէօշէմէճեան, որ այս տարուան մրցանակակիրներու շարքին երիցագոյնն էր, իբր այդ, առաջին կարգի վրայ բեմ հրաւիրուեցաւ։ Կալաթասարայցիներու ընկերակցութեան դիւանին կողմէ հաստատուած այս մրցանակին դատակազմը Գրիգոր Տէօշէմէճեանը պարգեւատրել որոշած էր՝ արժեւորելով 1980 թուականէն ի վեր անընդհատ անոր կողմէ Կալաթասարայ լիսէի ֆիզիքական ու նիւթական կարիքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ ցուցաբերուած բարոյական ու նիւթական աջակցութեան, նաեւ Կալաթասարայի զօրակցութեան բերած նպաստին համար։
Ծառայութեան մրցանակը Տէօշէմէճեանին յանձնեցին՝ Կալաթասարայցիներու ընկերակցութեան դիւանի նախագահ Ռեհա Պիլկէ, փոխ-նախագահ Էսատ Թանսեւ ու զեկուցող Մեհթափ Քայաճան, որոնք ջերմօրէն շնորհաւորեցին Տէօշէմէճեանը։ Անոնց շնորհաւորանքին միացաւ նաեւ Կալաթասարայցիներու ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ Ֆիտէլ Պէրպէր։
Պարգեւատրման փուլին Տէօշէմէճեան հանդէս եկաւ սիրտի խօսքով մը։ Պատմական սրահի պատկառազդու մթնոլորտին մէջ ան ամպիոնէն նշեց, որ 74 տարի առաջ առաջին անգամ ոտքը դրած էր դպրոցէն ներս։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ արտայայտուեցաւ Տէօշէմէճեան՝ շեշտելով, որ իր կարողութիւններու սահմաններէն ներս միշտ փորձած է զօրակցիլ վարժարանին։
Իր կարգին, Ռեհա Պիլկէն ալ վկայութիւններ փոխանցեց Գրիգոր Տէօշէմէճեանի կողմէ լուռ ու մունջ իր իսկ հասած դպրոցին ի նպաստ բերուած զօրակցութեան շուրջ՝ առանց վարչական դիրք զբաղեցնելու յաւակնութեան։
Հարկ է նշել, որ Գրիգոր Տէօշէմէճեան դիւանի անդամ է թէ՛ Կալաթասարայ մարզակումբին եւ թէ Կալաթասարայցիներու ընկերակցութեան մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ան կ՚անդամակցի Կալաթասարայի կրթութեան հիմնարկին։
Երէկուան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Կալաթասարայի ընտանիքի բոլոր կառոյցներու առաջին դէմքերը, իսկ հիւրերու շարքին էր Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէն։
Մրցանակաբաշխման արարողութենէն վերջ Գրիգոր Տէօշէմէճեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր դասընկերներուն եւ Կալաթասարայի ընտանիքի վարիչներուն կողմէ։ Այսպէս, Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Տուրսուն Էօզպէք եւ հեղինակաւոր դիւանագէտ, վաստակաշատ դեսպան Էօզտէմ Սամպերկ ջերմօրէն շնորհաւորեցին Գրիգոր Տէօշէմէճեանը։ Սրահին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ալ Գրիգոր Տէօշէմէճեանը շնորհաւորեց՝ թէ՛ որպէս իր կրտսեր եղբայրը եւ թէ որպէս թերթիս ընտանիքի վաղեմի բարեկամը։