image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Երէկուայ պայթումին հեղինակը ձերբակալուած

  Պոլսոյ մէջ. Երէկուայ պայթումին հեղինակը ձերբակալուած

 Պոլիսը ցնցած երէկուայ պայթումին հեղինակը այս առաւօտ ձերբակալուած է։

 Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ալ Մայատին» կայանէն։ Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  յանցագործին ձերբակալման մասին տեղեկութիւնը այս առաւօտ տարածած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլայման Սոյլուն։

 Նշենք, որ Պոլսոյ «Իսթիքլալ» կեդրոնական պողոտային վրայ եղած պայթումին հետեւանքով զոհուած էին  6 անձեր, իսկ վիրաւորեալներուն թիւը հասած էր 81-ի։

 

 Հիւանդանոցներուն մէջ կան նաեւ վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգ կը սպառնայ։

 

 Ի դէպ պայթումէն ժամեր անց Թուրքիոյ փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած էր, որ պայթումին հեղինակը կին մըն է, որուն լուսանկարներն ալ (պայթումէն պահ մը առաջ առնուած) տարածուած էին համացանցին վրայ։ 

 

 Իր կարգին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կարճ ելոյթ մը ունենալով ըսած էր, որ եղածը ահաբեկչական պայթում մըն է, նկատել տալով, որ «Թուրքիան ահաբեկչութեան քանդել փորձողները պիտի ձախողին իրենց փորձերուն մէջ»։

 

 

 Պոլսոյ  ամէնէն  բանուկ    շրջանը համարուող «Իսթիքլալ»ի  պողոտան  կը համարուի  քաղաքի  ամենաբանուկ   շրջաններէն մին, ուր օրական կտրուածքով 2    միլիոն  մարդ կը շրջի։