image

Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներ Աթէնք այցելեած են 

Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներ Աթէնք այցելեած են 

Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Աթէնք։ 31 աշակերտէ բաղկացեալ խումբը մասնակցութիւն բերած է MUN (Model United Nations) ծրագրին։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կեդրոնական վարժարանէն աշակերտներու 31 հոգինոց խումբ մը, երեք ուսուցիչներու եւ Խնամակալութեան ատենապետի առաջնորդութեամբ 13-17 Մարտին Աթէնք մեկնեցաւ, մասնակցութիւն բերելով «ՄՈՒՆ»ի ձեռնարկի մը։ Աշակերտները զանազան երկիրներու անունով մաս կազմեցին ՆԱԹՕ-ի, Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան, Եւրոմիութեան առաջնորդներու, Բնապահպանութեան, քաղաքական ու ազատութիւններու, ընկերային, մարդու եւ մշակութային, տնտեսական ու ընկերային յանձնախումբերուն։ Կեդրոնականցի սաները անգլերէնով ներկայացուցին իրենց տեսակէտները, բանավիճեցին ու լուծումներ առաջարկեցին։

Այցելութիւնը միայն այս ձեռնարկով չսահմանափակուեցաւ։ Կեդրոնականցիները այցելեցին Աթէնքի Զաւարեան վարժարան, Քոքինա թաղամաս, ճարտարապետական կարեւոր յուշարձաններ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին եւ Իսթանպուլցի յոյներու միութիւն։

Այցելութեան վերջին օրը յատկացուած էր Աթէնքի խորհրդանիշերէն Աքրոպոլիսին, ուր շահեկան բացատրութիւններ տրուեցան անթիք շրջանի հելլէն փիլիսոփայութեան, արուեստի ու ճարտարապետութեան մասին։