image

Սրբոց Թարգմանչաց տօնը Քալիֆորնիոյ Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Վարժարանէն ներս

Սրբոց Թարգմանչաց տօնը Քալիֆորնիոյ Հայ  Կաթողիկէ Քոյրերու Վարժարանէն ներս

  Օրերս տօնական մթնոլորտի մը մէջ Քալիֆորնիոյ Հայ Կաթողիկէ  վարժարանը նշած է «Թարգմանչաց տօն»ը։

 Ասոր մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն քաղեց ՝ Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝  «Ասպարէզ»էն։

Ստոր տրուած  թղթակցութիւնը՝

 

Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները ամբողջ տարուայ ընթացքին զանազան ձեռնարկներու կը մասնակցին՝ նուիրուած ազգային, մշակութային և եկեղեցական տօներուն։ Շնորհիւ Քոյրերու ու յատկապէս Հայոց լեզուի ուսուցիչներու տքնաջան աշխատանքին՝ վարժարանս դարձած է հայապահպանութեան և հայակերտման օրրան։

Հայ ժողովուրդը եկեղեցական եւ ազգային տօներու կողքին յատուկ տեղ յատկացուցած է իր լեզուի ու մշակոյթի մեծարման։

Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին նշելով Թարգմանչաց տօնը՝ կը պանծացնենք հայ գիրերու գիւտը և թարգմանիչներու գրական վաստակը։

Ողջ ամսուայ ընթացքին ամենատարբեր ձեռնարկներով կը խօսինք մեր մշակութային առանձնայատկութիւններուն, հարստութիւններուն, անոնց պահպանման ու սերունդներուն աւանդելու կարևորութեան մասին։

Ազգային ու քրիստոնէական արժէքները, լեզուն ու մշակոյթը պահպանելն ու սերունդներուն փոխանցելը սուրբ գործ է, որն արդէն երկու դար է ստանձնած են Հայ Քոյրերը՝ ինքնատիպ ձևով շարունակելով Սուրբ Թարգմանիչներուն գործը։

Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները իրենց գեղեցիկ հանդէսով հայ մշակութային ամիսը տօնեցին։ Անոնք նախ փոքրիկ թատերախաղով մը ներկաներուն հինգերորդ դար տարին ու հայ գիրերու գիւտի մասին պատմեցին, ապա հայկական երգերով, պարերով, եւ ասմունքով ուրախացուցին ծնողները։

Սրահին մէջ տիրող ազգային ու հայրենասիրական ոգին խանդավառած էր ներկաներուն։ Հայ Քոյրերու վարժարանի սաները փայլուն եւ սահուն հայերէն կը խօսին, գիտեն իրենց ազգին պատմութիւնը և ամենակարևորը ՝ հպարտ են իրենց ինքնութեամբ։

«Դարերու ընթացքին հայերս հալածանքի և ջարդերու ենթարկուեցանք, սակայն մեր լեզուն ու մշակոյթը պահեցինք։ Սիրելի՛ ծնողներ, միշտ հայերէն խօսեցէք ձեր զաւակներուն հետ։ Դպրոցը մինակ հրաշքներ չի կարող գործել։ Միասին պիտի աշխատինք, որ մեր աշակերտները, երբ ՀՔՎ-ն աւարտեն, լաւագոյն հայեր և, ինչու չէ, նաև լաւագոյն ամերիկացիներ դառնան»,- պատգամեց Քոյր Լուիզան։

Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները ամբողջ տարուայ ընթացքին զանազան ձեռնարկներու կը մասնակցին՝ նուիրուած ազգային, մշակութային և եկեղեցական տօներուն։ Շնորհիւ Քոյրերու ու յատկապէս Հայոց լեզուի ուսուցիչներու տքնաջան աշխատանքին՝ վարժարանս դարձած է հայապահպանութեան և հայակերտման օրրան։

 

Նիւթը «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն