image

Պոլսահայութեան Պաշտօնական Տեսակէտը Կը Պատկանի Պատրիարքարանին. Արամ Արք Աթէշեան

Պոլսահայութեան  Պաշտօնական Տեսակէտը Կը Պատկանի Պատրիարքարանին. Արամ Արք Աթէշեան

«Արեւելք»ի խնդրանքով, մեկնաբանելով   անցնող  Կիրակի օր Պոլսոյ Պատրիարքարանին  դէմ կատարուած   յարձակումը,  Պատրիարքական փոխանորդ Տ.  Արամ  Արք. Աթէշեան նշեց, որ ընդհանուր առմամբ մտահոգուելու կարիք չկայ, քանի որ յարձակումը շատ արագ կանխուած է: «Գում Գափուի շրջանէն կարգ մը անգիտակից երիտասարդներ, որոշ  բաներէ ազդուած, Պատրիարքարան եկած էին    եւ քարեր նետած, բարեբախտաբար  ոստիկանութիւնը շատ արագ  միջամտած է, ուրիշ ոստիկանական  ուժեր ալ հասած են  խումբը  փախած էր: Պատրիարքարանը վնաս չէ կրած, բայց մենք բարձրաձայնեցինք այս մասին,  որ համապատասխան մարմինները տեղեակ ըլլան, որ  այսպիսի բաներ  ալ տեղի կ'ունենան»,-նշեց Արամ  Սրբազանը:  Ան տեղեկացուց, որ տեղի ունեցածը քննարկուած  է  պաշտօնեաներուն հետ, իսկ, պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցումին, թէ ինչի՞ հետ կրնայ կապուած ըլլալ դէպքը, Սրբազանը ըսաւ, որ դժուար է ըսել, սակայն ինքը համայնքին մէջ  բոլորին  յորդորած է զգոյշ ըլլալ իրենց խօսքերուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ:  «Ամէն մարդ այստեղ թող ինքզինք   իշխանաւոր չկարծէ եւ համայնքի անունով յայտարարութիւններ չընէ: Ես կրկին կը նշեմ, որ ոչ ոք, բացի պատրիարքարանէն, իրաւունք ունի համայնքին անունով խօսելու, միակ պաշտօնական տեսակէտը` հայութիւնը ներկայացնող, միայն պատրիարքարանն է: Յատկապէս թող զգոյշ ըլլան Թուրքիոյ այս կամ այն կուսակցութեան մասին կարծիքներ յայտնելէ,  այս կամ այն քաղաքական ուժի օգտին խօսելէ: Այդ խօսողը ըլլայ հայ պատգամաւոր, թէ ուրիշ մէկը, կապ չունի»,- նշեց Պոլսոյ Պատրիարքական փոխանորդը, աւելցնելով, որ այդ ամէն ինչը միայն ու միայն կրնայ վնասել համայնքին:    «Մենք այստեղ  համայնքը ոտքի պահելու ուղղութեամբ ջանքեր կը թափենք, ոչնչի չենք ուզեր խառնուիլ, ոչինչ  չենք ուզեր պահանջել: Եթէ ոեւէ մէկը, որեւէ բան պիտի պահանջէ, այդ կրկին պիտի ըլլայ Պատրիարքարանին  միջոցաւ: Իւրաքանչիւր մարդ, անշուշտ, իր անհատական գաղափարները կրնայ փոխանցել,  արտայայտել, բայց թող շեշտէ, որ անոնք իր անձնական կարծիքներն են, եւ հայութեան անունով խօսքեր տարածելու պարտականութիւն չվերցնէ»,- եզրակացուց  Արամ  Արք.Աթէշեանը:  Նշենք, որ 11 Հոկտեմբերին   Պոլսոյ Գում Գափու շրջանը՝ գտնուող    Հայոց Պատրիարքարանին վրայ, յարձակում տեղի ունեցած էր էր: Յարձակումը կանխուած էր, սակայն տեղի ունեցածը մտահոգութեան առիթ դարձած էր շրջանի հայութեան, չնայած առաջին անգամը  չէ, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Պատրիարքարանին վրայ յարձակման  փորձեր կը կատարուին: