Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Իրանի պաշտօնական դիրքորոշումն արդէն իսկ ներկայացուած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սէյիտ Ալի Խամենէիի կողմէ, որու համաձայն՝ այնտեղի հայ բնակիչներն իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց տուներ, եւ անոնց իրաւունքները, կեանքն ու ունեցուածքը պէտք է յարգուին ու պահպանուին։
«Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցին, անդրադառնալով 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յարձակման եւ ատոր հետեւանքով տեղի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման, միջազգայնագէտը յիշեցուցած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սէյիտ Ալի Խամենէիի յայտարարութիւնն այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներն իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց տուներ, եւ անոնց իրաւունքները պէտք է յարգուին:
«Սա այն է, ինչին մենք կը հաւատանք, սակայն, այդուհանդերձ, մենք այդ իրականացնելու համար գործիքներ չունինք: Եւ ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի կառավարութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել այդ մարդոց, օրինակ, դիմել միջազգային դատարաններ, օգտագործել միջազգային իրաւունքն ու կանոնները, բողոքներ ներկայացնել, ստիպել Ատրպէյճանի կառավարութեան յարգել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները։ Սա է Իրանի դիրքորոշումը»,-ընդգծած է Էհսան Մովահետիանը: