image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ տաղանդաւոր օփերային երգիչ Գէորգ Դաւիթեան ապաքինման փուլ մը կը բոլորէ (Լուսանկար)

 Պոլսահայ տաղանդաւոր օփերային երգիչ  Գէորգ Դաւիթեան ապաքինման փուլ մը կը բոլորէ (Լուսանկար)

Պոլսահայ տաղանդաւոր երգիչ՝ Գէորգ Դաւիթեան երիկամի փոխպատուաստման ենթարկուեցաւ

 

 Առիթով մը եւ խօսելով մեր հայրենիք Հայաստանի մասին իր ունեցած հետաքրքրութեան մասին Դաւիթեան ըսած է. «Միշտ ինքզինքս «օր մը պիտի երթամ Հայաստան» կ՚ըսեմ, բայց դեռ չկրցայ երթալ: Դեռ կը շարունակեմ այդ յոյսը կրելու… Օր մը… Եւ, հարկաւ, ինչ լաւ կ՚ըլլար, եթէ երգելու համար ըլլայ այդ այցելութիւնը...»

 

Գործողութիւնը, որուն ենթարկուած է պոլսեցի մեր հայրենակիցը, պսակուած է յաջողութեամբ, իսկ երիկամի նուիրատուն հանդիսացած է Գէորգի հարազատ եղբայրը՝ Գրիգոր Դաւիթեանը։ 

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ նաեւ հաղորդեց, որ մեր հայրենակիցը ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։ 

Նշենք, որ Գէորգ իր արուեստի «մկրտութիւն»ը ստացած է Պոլսոյ Պաքըրգիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Այնուհետեւ, 1998 թուականէն սկսեալ առ այսօր ան կ՚աշխատի Պոլսոյ Օփերային թատրոնին մէջ իբրեւ մենակատար: 2015-2016 թուականներուն նաեւ զբաղեցուցած է նոյն թատրոնի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը: Որպէս երգիչ եւ խմբավար՝ ելոյթներ ունեցած է Գանատայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ռումինիոյ, Պուլկարիոյ, Չինաստանի եւ Աւստրալիոյ մէջ: