image
Հրատապ լուրեր:

«Արաս» հրատարակչութիւնը թրքերէնով լոյս ընծայած է Ժ. Լիպարիտեանի գիրքը՝ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները»խորագրով

«Արաս» հրատարակչութիւնը թրքերէնով լոյս ընծայած է Ժ. Լիպարիտեանի գիրքը՝ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները»խորագրով

2025 Ապրիլին, «Արաս» հրատարակչութիւնը թրքերէնով լոյս ընծայած է Ժիրայր Լիպարիտեանի գիրքը՝ «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները» խորագրով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի վերջին գիրքերէն մէկուն թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները» անուանուած է թրքերէն թարգմանութիւնը։ Լիպարիտեանի վերջին գործերը յօդուածներու կամ հարցազրոյցներու ժողովածոյ մը կը ձեւաւորեն։ Երեւանի մէջ հրատարակուած գիրքը կոչուած է՝ «Հայաստան-Թուրքիա. պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» անուամբ։

Թրքերէն հրատարակութիւնը կատարուած է «Friedrich-Ebert-Stiftung» միութեան Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ։ Թարգմանիչները եղած են՝ Նեսրին Ուչարլար եւ Արթուն Կեպենլիօղլու: