image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Վարժարանը իր շրջանաւարտին շնորհաւորանք յղած է

Պոլիս. Վարժարանը իր շրջանաւարտին շնորհաւորանք յղած է

Օրերս Պոլսոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Լիսէ-Վարժարանը շնորհաւորանքներ յղած է իր շրջանաւարտներէն՝ Ռոպէրթ Քոփթաշին, որ վերջերս գրական արժանի մրցանակի մը տիրացած էր։

Ստորեւ «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ տրուած հաղորդագրութիւնը։

Վարժարանիս շրջանաւարտին շնորհուած մրցանակ`

​«Աթթիլա Իլհան» գիտութեան, արուեստի եւ մշակոյթի հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած «Աթթիլա Իլհան գրական մրցանակներ»ու այս տարուան յաղթողները յայտնի դարձան։

​2025 թուականի «Աթթիլա Իլհան առաջին վէպի հիմնարկի յատուկ խրախուսական մրցանակ»ին արժանացաւ վարժարանիս շրջանաւարտ Ռոպէր Քոփթաշ՝ «Իլեթիշիմ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած «Unufak» վէպով։

​Ի սրտէ կը շնորհաւորենք զինք իր այս նշանակալից յաջողութեան առթիւ։