Օրերս Պոլսոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Լիսէ-Վարժարանը շնորհաւորանքներ յղած է իր շրջանաւարտներէն՝ Ռոպէրթ Քոփթաշին, որ վերջերս գրական արժանի մրցանակի մը տիրացած էր։
Ստորեւ «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ տրուած հաղորդագրութիւնը։
Վարժարանիս շրջանաւարտին շնորհուած մրցանակ`
«Աթթիլա Իլհան» գիտութեան, արուեստի եւ մշակոյթի հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած «Աթթիլա Իլհան գրական մրցանակներ»ու այս տարուան յաղթողները յայտնի դարձան։
2025 թուականի «Աթթիլա Իլհան առաջին վէպի հիմնարկի յատուկ խրախուսական մրցանակ»ին արժանացաւ վարժարանիս շրջանաւարտ Ռոպէր Քոփթաշ՝ «Իլեթիշիմ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած «Unufak» վէպով։
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք զինք իր այս նշանակալից յաջողութեան առթիւ։