image

Պոլիս. Սուրբ Թագաւոր եկեղեցին պղծողները կը պատժուի՞ն

Պոլիս. Սուրբ  Թագաւոր եկեղեցին պղծողները կը պատժուի՞ն

  Պոլսոյ Գատըգիւղ  շրջանի  Սուրբ  Թագաւոր հայկական եկեղեցւոյ    գլխաւոր մուտքի   տանիքին  անուանարկող ձեւեր  ըրած եւ պարած երեք անձերուն դէմ դատական գործ յարուցուած է։

Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկացաւ թրքատառ   «Պիանէթ»  կայքէն:

11 Յուլիս, 2021-ին  անդարադարձած էինք  դէպքին, թէ ինչպէս քանի մը հոգի հաւաքուելով եկեղեցւոյ առջեւի հրապարակը  ու անոնցմէ երեքը եկեղեցւոյ արտաքին դրան պատին վրայ մագլցելով վերեւի Ս. Խաչի պատուանդանին վրայ պարած էին։

Պոլսոյ Ասիական ափի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ առաջադրուած է մեղադրանք երեք  անձերու դէմ՝ Օզանջան Յ., Եունուս Էմրէ Ու. եւ Օմեր Ֆարուք Ա.: Քննութեան հետեւանքով եւ ըստ վկաներու եւ նաեւ տեսախցիկներով արձանագրուած նիւթին, յայտնի դարձած է, որ անոնք կազմակերպուած ձեւով չեն վարուած: Ամբաստանեալները դէպքի օրը ինքնաշարժով եկած են եկեղեցւոյ հրապարակ, ամբաստանեալ Օզանջան Յ.-ն ինքնաշարժի երաժշտութիւնը միացուցած է իսկ միւս երկուքը՝ Եունուս Էմրէ Ու.-ն եւ Օմեր Ֆարուք Ա.-ն Խաչի նշանով  տեղէն  շարժած ու  ապա եկեղեցւոյ տանիքը բարձրացած են։

 Իրաւապահներու կողմէ կատարուած քննութեամբ նաեւ եկեղեցւոյ պաշտօնեայի խօսքով, անոնց ըրածէն պաշտամունքի վայրը չէ ենթարկուած վնասի կամ պղծումի: 

Հետեւաբար դատախազութիւնը յանգած է այն եզրակացութեան, թէ խնդրոյ առարկայ երեք անձերու կողմէ կատարուածը, հանրութեան հատուածի մը դաւանած կրօնական արժէքները հրապարակայնօրէն անարգել է:  Այս պայմաններուն ներքեւ անոնց համար պահանջուած է տարի մը ազատազրկում։

Մեղադրեալները մօտ օրէն պիտի  կանգնին Պոլսոյ Ասիական ափի 27-րդ պատժական ատեանի դատարանին դիմաց։