Օրերս Թուրքիոյ Հայոց Հայ Կաթողիկէ վիճակաւոր՝ Գերապայծառ Տէր Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ կազմակերպուած է «Մանկական Ամառնային Տօնը» Պոլսոյ Մեծ Կղզիին մէջ։
Ստորեւ ատոր մասին «Արեւելք»ի ընթերցողաց կը ներկայացնենք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը
Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ Գերապայծառ Տէր Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի մասնակցութեամբ, այս տարի առաջին անգամ կազմակերպուած «Մանկական Ամառնային Տօնը» մեծ ուրախութեամբ եւ ջերմութեամբ անցաւ։ Տօնին մասնակցեցան յիսուն մանուկներ, որոնց տարիքը կը տարբերէր չորսէն մինչեւ տասնչորս։ Միջոցառումը կայացաւ 10 Օգոստոսին, Կիրակի օրը, խաղերու, արհեստանոցներու եւ անակնկալ ծրագիրներու ուղեկցութեամբ։
Տօնը մեկնարկեց Մեծկղզիի «Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Եկեղեցւոյ» մէջ մանուկներուն նուիրուած կիրակնօրեայ սուրբ Պատարագով, որ մատուցեց Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ.։ Մանուկները մասնակցեցան ընթերցումի եւ սուրբ Պատարագի սպասաւորութիւններու, իսկ աւարտին բոլորը միասին մօտեցան սուրբ սեղանին՝ ստանալով «Սուրբ Հաղորդութիւնը» Գերապայծառ Տիրոջ ձեռքէն։ Աղօթքները բարձրացան միասնաբար՝ օրուան նիւթին համահունչ՝ Մարիամ Աստուածամօր ուղղուած, որովհետեւ այս տօնը կազմակերպուծ էր առ ի պատրաստութիւն Վերափոխման տօնին։
Սուրբ Պատարագէն ետք, մասնակիցները անցան Չանքայա փողոցի վրայ գտնուող ֆրանսիսկեան քոյրերու տունը, ուր գրանցում եւ ծանօթութիւն կատարուեցաւ։ Յետոյ, մեծահասակ ուղեկցողներու հսկողութեամբ, եօթէն տասնչորս տարեկան մանուկները մտան խոհանոց։ Այնտեղ, համախմբուած աշխատանքի միջոցով, պատրաստեցին իրենց ճաշերն ու աղցանները, զարդարեցին սեղանները եւ համատեղ վայելեցին իրենց գործի պտուղները։
Մինչ այդ չորսէն վեց տարեկան մանուկները, իրենց համար պատրաստուած անկիւնին մէջ մասնակցեցան տարիքին համապատասխան փորձերու, պարի, պատմութեան եւ գունաւորման աշխատանքներու։ Այսպիսով կարողացան տօնին մաս կազմել առանց յոգնելու, աւելի երկար մնալով ուրախ միջավայրին մէջ։
Կամաւոր ծնողներն ու երիտասարդները ամբողջ օրը հոգ տարին մանուկներուն ապահովութեան եւ ուրախութեան։ Անոնք առաջնորդեցին խաղերը, աջակցեցան արհեստանոցներուն եւ ապահովեցին, որ տօնը անխափան անցնի։
Ծնողները գոհունակութիւն յայտնեցին, որ իրենց զաւակները առիթն ունեցան համայնքի կեանքին մէջ ներգրաւուելու, նոր բարեկամութիւններ ստեղծելու եւ հաւատքի կեանքը խորացնելու։
Օրուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ «գանձի որոնման» խաղը, ուր խումբերու միջեւ մրցոյթը բարեկամական մթնոլորստի մէջ ծաւալեցաւ։ Գանձը յայտնաբերող խումբը իր պարգեւը բաժնեց բոլոր մանուկներուն հետ՝ մեղմացնելով պարտուողներու դժգոհութիւնը։
Տօնը իր աւարտին մօտեցաւ քաղցր երգերու մեղեդիով ապա մատուցուեցաւ կարկանդակ, պտուղ եւ պտուղի հիւթ, միատեղ սորված երգեցողութեամբ։ Վկայականները, որ բաժնուեցան Գերապայծառ Տիրոջ ձեռքով , օրուան աւարտին կնքեցին մանուկներուն ուրախութիւնը։
Իր խօսքին մէջ, Գերապայծառ Տէրը շեշտեց, որ այս տօնը «Խոր Վերանորոգում» նախաձեռնութեան կարեւորագոյն քայլերէն մէկն է, որ կը նպատակադրէ նորոգել համայնքի հաւատքի կեանքը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Կազմակերպիչ Յանձնախումբին եւ մասնաւորապէս Իրէմ եւ Սէրտար Քասաքեաններուն, Ճենի եւ Ֆերդա Ատէմներուն, Լեւոն Յունքէսին, Փընար եւ Զաւէն Աղային, Սելինա եւ Էրտալ Տիլլիին, Սելէն Ադէմին, Մելիս եւ Ճէմ Յուքլէններուն, Քրիսթին եւ Այգուտ Ուսլուպաշներուն, Անճէլօ Թիմեանոսին, ինչպէս նաեւ հիւրընկալող ֆրանչիսկան քոյրերուն։ Յատուկ գնահատանք ուղղեց երիտասարդական ներկայացուցիչներ Լեթիսիա եւ Ռոպէր Ադսուբին, ինչպէս նաեւ Արէս Անանին՝ մանուկներուն ոգեշնչող օրինակ ըլլալնուն համար։
Կազմակերպիչները շեշտեցին, որ կամաւոր երիտասարդներու աշխուժութիւնը եւ նուիրումը տօնին առանձնայատուկ կենդանութիւն բերաւ։
Միջոցառումը աւարտեցաւ մայրամուտին կատարուած համատեղ խմբային յուշանկարի նկարահանումով։ Մասնակիցները արդէն անհամբեր կը սպասեն յաջորդ տարուան տօնին։