image

Պոլիս. Դատարանը արդարացուց Քիւրտ շարժանկարիչ Ռոժլիհաթ Աքսոյը

Պոլիս. Դատարանը արդարացուց Քիւրտ շարժանկարիչ Ռոժլիհաթ Աքսոյը

Քիւրտ շարժանկարիչ Ռոժլիհաթ Աքսոյ, որու դէմ դատ բացուած էր Տիյարպաքըրի մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Արշալոյս Մարտիկանեանի մասին պատմող «Արշալոյսի լուսաբացը» (Աւրորա'ս սանռայս) վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կազմակերպելուն համար, արդարացուցած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Քիւրտ շարժանկարիչ Ռոժլիհաթ Աքսոյի դէմ դատ բացուած էր Տիյարպաքըրի մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Արշալոյս Մարտիկանեանի մասին պատմող «Արշալոյսի լուսաբացը» (Աւրորա'ս սանռայս) վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կազմակերպելուն համար։ Դատավարութիւնը լայն քննադատութեան արժանացաւ խօսքի ազատութեան սահմանափակման մեղադրանքով։

Աքսոյ կ'ամբաստանուէր Թուրքիոյ Պատժական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով՝ «թրքական ազգն ու պետական կառոյցները հրապարակայնօրէն վիրաւորելու» յանցանքով։ Մեղադրանքը կը հիմնուէր լոկ այն փաստին վրայ, որ ան 17 Դեկտեմբեր 2024-ին պաշտօնական դիմում ներկայացուցած էր Տիյարպաքըրի մշակութային կեդրոնին մէջ նշեալ շարժանկարը ցուցադրելու համար։ Դատախազութիւնը որպէս փաստ ներկայացուցած էր ժապաւէնի այն տեսարանները, ուր 1915-ի դէպքերը կը ներկայացուին իբրեւ ցեղասպանութիւն, իսկ հայերը՝ որպէս անմարդկային վերաբերումի զոհեր։

Աքսոյի դէմ դատավարութեան երկրորդ նիստը կայացաւ Երեքշաբթի, 7 Ապրիլին։ Անոր փաստաբանը պահանջեց ամբողջութեամբ արդարացնել իր պաշտպանեալը՝ շեշտելով, որ այս մեղադրանքը ուղղակի հարուած է խօսքի եւ գեղարուեստական արտայայտման ազատութեան։ Փաստաբանը յիշեցուց, որ Աքսոյ միա՛յն կազմակերպիչն էր եւ ոչ թէ շարժանկարի բեմադիրը, թէեւ նոյնիսկ նմանօրինակ շարժանկար մը բեմադրելը պաշտպանուած է խօսքի ազատութեան իրաւունքով։ Պաշտպանական կողմը վկայակոչած է նաեւ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի (ԵՄԻԱ) նախադէպերը, ուր նշուած է, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը եւ 1915-ի դէպքերուն քննարկումը խօսքի ազատութիւն կը նկատուին։

Այս բոլոր հիմնաւորումներէն ետք, դատարանը որոշեց ազատ արձակել եւ արդարացնել Ռոժհիլաթ Աքսոյը՝ վերջ դնելով այս դատական հալածանքին։