image

Պոլիս. «Արաս» հրատարակեց Հայկազուն Գալուստեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն

Պոլիս. «Արաս» հրատարակեց Հայկազուն Գալուստեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն

Իսթանպուլի ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան հիմնադիրներէն մէկուն՝ Հայկազուն Գալուստեանի ծննդեան 105ամեակի առիթով, «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց անոր բանաստեղծութիւններու նոր ժողովածուն՝ «Թող հանդիպում ունենան գեղեցիկ բաներ» խորագրի ներքեւ։

Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Մարմարա»ն։

Անոնք որոնք բանաստեղծութեան սիրահար են եւ կը ներշնչուին Կարպիս Ճանճիկեան-Հայկազուն Գալուստեան բարեկամութեամբ եւ գրական ոճով, հաճոյքով պիտի կարդան այս ժողովածուն, որ ներկայացուած է թրքերէնով՝ Յովհաննէս Շաշքալի բարձրորակ թարգմանութեամբ։ Գիրքը կը բաղկանայ 160 էջերէ, կողքի ձեւաւորումը կատարած է Մելիսա Արսէնեան։

Այս նոր հրատարակութիւնը ո՛չ միայն յարգանքի տուրք է Գալուստեանի յիշատակին, այլ նաեւ կարելիութիւն կը ստեղծէ որ ժամանակակից ընթերցողը թրքերէն թարգմանութեամբ բացայայտէ անոր բանաստեղծական աշխարհի նրբերանգները։

Հայկազուն Գալուստեան ծնած է 20 Օգոստոս 1920ին։ Կրթութիւնը ստացած է Կէտիկփաշայի Մեսրոպեան, ապա Կեդրոնական վարժարանի մէջ։ 1964ին շրջանաւարտ եղած է իսթանպուլի համալսարանի գրականութեան ֆաքիւլթէէն, տարիներ շարունակ ուսուցչագործելով Գարակէօզեան որբանոցի մէջ։

Գալուստեանի ու Ճանճիկեանի թրքերէն բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Պալքըս» լոյս տեսած է 1942ին։ Հեղինակի առաջին գիրքը՝ «Քարիւղի լամբար»ը լոյս տեսած է 1948ին, իսկ երկրորդը՝ «Գործիս ճամբուն վրայ»ն 1962ին։ Գալուստեան 1965ին գաղթած է Հայաստան եւ աշխատած Երեւանի հասարակական գիտութիւններու ակադեմիոյ արեւելագիտութեան ամպիոնին մէջ՝ որպէս թարգմանիչ ու հետազօտող։ Ան մահացած է 4 Փետրուար 1985ին։