24 տարի առաջ «Առագաստ» սրճարանին մէջ սպանուած Պօղոս Պօղոսեանի աճիւնը պիտի արտաշիրիմեն: Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը Կարէն Ֆարխոյեանի նախագահութեամբ քիչ առաջ որոշեց բաւարարել հանրային մեղադրողի միջնորդութիւնը:
Պօղոսեանի աճիւնն արտաշիրիմելու անհրաժեշտութիւնն առաջացած է դէպքի ականատես Սթիւըն Նիւթոնի՝ այս տարուան մայիս 16-ի ցուցմունքէն ետք:
Ըստ հանրային մեղադրողի՝ նոր ի յայտ եկած հանգամանքները կրնան յանգեցնել եզրակացութեան, որ կատարուած է դիտաւորեալ սպանութիւն: