image

«Պօղոս ամմօն, վաստակաշատ գրողն ու հեղինակը ոչ եւս է». Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան

«Պօղոս ամմօն, վաստակաշատ գրողն ու հեղինակը ոչ եւս է». Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան

Հայց Առաքելական Եկեղեցւոյ    Կիլիկեան Աթոռի ԱՄՆ Արեւելեան թեմի ժրաջան քահանայ հայրերէն Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան օրերս կորսնցուցած է իր հարազատ հօրեղբայրը։ 

 Մեզի սիրելի Տէր Հայրը այդ առթիւ ալ կատարած է կարճ գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

21 Սեպտեմբեր, 2024-ին Քալիֆորնիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց մեր մեծ հօրեղբայրը՝ Պօղոս Արմենակ Լագիսեանը: 100-ամեայ Պօղոս ամմօն վաստակաշատ գրող եւ հեղինակ էր բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու: Անխոնջ աշխատակից էր ամերիկահայ մամուլին: 

Կ՛աղօթենք, որ Աստուած ընդունի հանգուցեալ Պօղոս Ա. Լագիսեանի հոգին Իր երանաւէտ խաղաղութեան մէջ եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը:

Այս տխուր առթիւ յանուն համայն Լագիսեան Ընտանիքին անունով կու գանք յայտնելու մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները զաւակներուն եւ թոռներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

******

Պօղոս Արմենակ Լագիսեան (Եօղունօլուք, Մուսալեռ, 27 Հոկտեմբեր, 1924 – Լոս Անճելըս, 21 Սեպտեմբեր, 2024)

Պօղոս Արմենակ Լագիսեան, ծնած է 27 Հոկտեմբեր 1924-ին, Մուսալեռան Եօղունօլուք գիւղը: 1938 թուականին ուսումնառութեան մեկնած է Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւն, որուն լրիւ դասըթացքը աւարտելով շրջանաւարտ եղած է 1945 թուականին: Նոյն թուականին վերադարձած է Լիբանան՝ Այնճար բնակավայր գաղթած ծնողներուն քով:

1947-ին Պօղոս Ա. Լագիսեան իր ծնողներուն հետ ներգաղթած է Հայաստան: Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Երեւանի գիտութեան համալսարանէն ներս, ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայական (M.A.): Միաժամանակ դասախօսած է նոյն համալսարանէն ներս:

1949 թուականին ան կ՛ամուսնանայ Մելգոնեանցի իր դասընկերուհիին՝ Անժելա Արշամի Դաւիթեանին (Ժամկոչեան) հետ, բախտաւորուելով մէկ մանչ զաւակով եւ երկու դուստրերով:

1990 թուականին ընտանիքով բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներ, շարունակելով իր աշխատանքային եւ գրական գործունէութիւնը: Իր բազմաթիւ ձեռքբերումներուն արդիւնքն են հրատարակած վեց հատորները, որոնք սերտօրէն առնչուած են անոր ծննդավայրին հետ: Պօղոս Արմենակ Լագիսեան մնայուն աշխատակիցը հանդիսացաւ ամերիկահայ մամուլին, մասնաւորաբար ստորագրելով «Մասիս», «Նոր Օր», «Նոր Կեանք», «Ասպարէզ»,«Մոլորակ»շ եւ «Պայքար» շաբաթաթերթերուն մէջ:

«Մասիս» շաբաթաթերթ