image

Պլինքըն-Չաւուշօղլու քննարկում. Թեման Հայաստանի հետ յարաբերութեանց օրակարգն էր

Պլինքըն-Չաւուշօղլու քննարկում. Թեման Հայաստանի հետ յարաբերութեանց օրակարգն էր

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն նշած է, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի հետ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը, իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:

Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` այս մասին թուրք նախարարը լրագրողներուն ըսած է Պլինքընի հետ բանակցութիւններէն յետոյ:

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ կողմերը պայմանաւորուած են աշխուժացնել խորհրդակցութիւնները շարք մը տարածաշրջանային հարցերու շուրջ: